ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախումբի ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ՝ առաւել քան 30 քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակելու գերի պահուող աւելի քան 200 հայ զինուորները եւ քաղաքացիները, որոնք տակաւին պատանդ կը պահուին 9 Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն 100 օրեր ետք:
Երկկուսակցական բանաձեւը , որուն հեղինակներն են՝ Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ֆրենք Փալոն, կը շեշտէ, թէ Պաքուի զինուած ուժերը վատ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն հայ գերիներուն նկատմամբ եւ զանոնք կ՛ենթարկեն ֆիզիքական խոշտանգումներու եւ նուաստացումներու, նոյնիսկ դիմելով գլխատումներու եւ մահապատիժի՝ առանց դատավարութեան:
Քոնկրեսականներու ցանկը կարդալու համար այցելել կայքէջը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց Պաքուի բռնարարքները դատապարտող այս ազդու բանաձեւին ներկայացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Շիֆին եւ բանաձեւին համահեղինակներուն ու հովանաւորներուն։
«Արցախի մէջ պատերազմի աւարտէն աւելի քան 100 օրեր ետք, շուրջ 200 հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը պահուին. բան մը, որ Ժընեւի համաձայնագիրներուն եւ պատերազմը դադրեցնելու՝ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան խախտում է եւ բացարձակապէս անընդունելի։ Նկատի ունենալով պատերազմին ընթացքին ատրպէյճանական ուժերուն գործադրած վայրագութիւնները` բոլոր պատճառները կան վախնալու այս գերիներու ապահովութեան գծով», յայտնեց Էտըմ Շիֆ:
Պիլիրաքիս երկրորդեց Շիֆի հաստատումները՝ աւելցնելով. «Պաքու պէտք է դադրեցնէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ անյապաղ ազատ արձակէ զինուորները»։
Իր կարգին, Սփիր դատապարտեց հայ գերիներու դէմ բռնութիւները եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը՝ վկայակոչելով Human rights watch-ի զեկոյցը, իսկ Փալոն նշեց, որ Հայաստան ամբողջութեամբ կատարած է 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան պարտաւորութիւնները, սակայն Պաքու կը թերանայ։
Վալատաօ եւս դատապարտեց Պաքուն՝ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան պայմանները չկատարելուն համար եւ պահանջեց անյապաղ վերադարձնել բոլոր հայ գերիները:
Նշենք, որ Արեւելան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀԵԴն եւ Օրինական հարցերու հայկական կեդրոնը կազմակերպած են քննարկում մը շուրջ 100 գերիներու ներկայացուցիչ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեանի հետ։
21 Մարտին, Լոս Անճելըսի ժամով կ.ե. ժամը 4ին սկսող քննարկումին հետեւելու համար այցելել կայքէջը։