
ՖՐԵԶՆՕ.– 27 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան պիտի առաջնորդէ իր նոր հրատարակուած «The Resistance Network» («Դիմադրութեան Ցանցը») հատորին վերաբերող քննարկում մը։
Առցանց քննարկումը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գարնանային դասախօսութիւններու շարքին։
«Դիմադրութեան Ցանցը» հատորը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք փրկարար աշխատանքներ կատարած մարդասիրական գործիչներու, աւետարանիչներու եւ դիւանագէտներու ցանցի գործունէութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ փրկել հարիւր հազարաւոր հայորդիներ։
262 էջնոց եւ 24.95 տոլար արժող հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել կայքը։
Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու վարիչ նշանակուած դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած է: Ան դասախօս է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ եւ խմբագիրն է «Արմինըն Ռիվիու»ի։ Ան դասախօսած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին, Ուուսթըրի նահանգային համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Ան եղած է «Ռաթկըրզ» համալսարանին մէջ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգողը: Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ հեղինակած է մարդկային իրաւանց, լրատուամիջոցներու օգտագործման ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներ եւ գիրքերու հատուածներ: Մուրատեան 2007-2014 տարիներուն եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիրը եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու . ան եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
Քննարկումին արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար www. fresnostate.edu/armenianstudies կայքը։