ՖՐԵԶՆՕ.– Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր մանուկերուն աջակցելու նպատակով, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Sigma Alpha Epsilon ընկերակցութիւնը եւ National Raisin ընկերութիւնը միասնաբար 22,785 տոլար կրցած են հաւաքել։ Գումարին 10,000 տոլարը նշեալ ընկերութիւնը տրամադրած է, իսկ մնացեալը՝ ուսանողներ, դրամահաւաքի զանզան ձեռնարկներ իրականացնելով։
Գումարը պիտի տրամադրուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանիին տակ գործող «Շող» կեդրոններուն, որոնք մանուկներու յատուկ մասնաճիւղեր ունին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ինչէս նաեւ Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ։
Նշեալ կեդրոնները կրթական, ուտեստեղէնի եւ ընկերային շարք մը սպասարկութիւններ կը մատուցեն, 6-12 տարեկան մօտաւորապէս 290 կարիքաւոր մանուկ-պատանիներու, ինչպէս նաեւ ամառնային ճամբարներ կը կազմակերպեն անոնց համար։