Պոսթըն քաղաքի քաղաքապետ Մարթին Ուալշ ներողութեան նամակ մը ուղարկեց տեղւոյն հայերուն՝ խնդրելով անոնց ներողամտութիւնը:
Քաղաքապետ Ուոլշ Խոճալուի դէպքերու տարելիցին օրը յայտարարութիւն մը հրապարակած էր՝ ի նպաստ ատրպէյճանցիներուն: Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, Ուալշ պաշտօնական նամակ մը ուղարկեց եւ ըսաւ, որ չեղեալ կը նկատէ այս հարցին վերաբերեալ իր հրապարակած նախկին յայտարարութիւնը։ «Հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք հասկցայ, որ յայտարարութիւնը իրականութիւնը չի ցոլացներ, հետեւաբար որոշեցի չեղեալ նկատել զայն»:
Ընդգծելով, որ հայերը մեծ նպաստ բերած են Պոսթընի զարգացման՝ քաղաքապետ Ուալշ յիշեցուց նաեւ, որ քաղաքի սիրտին մէջ զետեղուած է Հայկական ժառանգութեան պուրակը:
«Արեւելեան Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքապետին այս հարցին ուղղութեամբ արագ քայլ առնելուն համար։ Շատ յստակ է, որ այս հարցը լավ չէր ուսումնասիրուած։ Քաղաքապետը համայքին բարեկամը եղած է», «Արմինիըն Ուիքլի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայ Դատի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Քալիկեան։