ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 5 Մարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեան (Արեւելեան թեմ), Բաբգէն արք. Չարեան (Գանատայի թեմ) եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (Արեւմտեան թեմ) ունեցան առցանց հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան եկեղեցական, կրօնական, երեք գաղութները յուզող անմիջական եւ հասարակաց հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներու մասին:
Անուշաւան եւ Բաբգէն արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Թորգոմ եպիսկոպոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Այնուհետեւ, օրակարգի նիւթ դարձան պսակաձեւ ժահրի յարուցած հարցերը եւ եկեղեցական-ծիսական արարողութիւններու պատշաճեցումները՝ նկատի ունենալով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքները եւ կանխարգիլման պետական դրոյթները:
Անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կատարուող Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենար Նիւ Եորքի մէջ, առաջնորդ սրբազանները յարմար նկատեցին տարիով մը յետաձգել համագումարը:
Ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ ամէն ամիս կրկնել առցանց հանդիպումները, որոնք պիտի ծառայեն արդիւնաւոր գործի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններու փոխանակման ու հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ի նպաստ աւելի արդիւնաւոր միջոցներ որոնելու նպատակին:
Երեք առաջնորդները որոշեցին, որ յառաջիկայ ամիսներուն՝ ամենապատեհ առիթին, հանդիպում մը տեղի ունենայ թեմերէն մէկուն մէջ, համադրական աշխատանքներ մշակելու եւ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ եւ թեմերու աւելի եւս պայծառացման: