ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիայէն հայուհի ջութակահար Քարոլինա Վանոյեան դափնեկիր դարձաւ Golden Talents of Madrid 2021 միջազգային երաժշտական մրցումին, որ մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ:
Մրցումին 11 երկիրներէ 1200 մասնակցողներ դատական կազմին ներկայացուցին երաժշտական ծրագիրը: Համաճարակին պատճառով, մրցումը առցանց տեղի ունեցաւ: Դատական կազմի անդամները մասնակցողներուն կատարած երաժշտութեան հետեւեցան 10 օրերու ընթացքին: Վերջնական արդիւնքին հիման վռայ, Քարոլինա Վանոյեան դարձաւ երկրորդ աստիճանի դափնեկիր: