ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար«.- Կազմակերպութեամբ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան, պատերազմի տարիներու ընդհատումէն ետք, 2 Մարտին Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքերու աւանդական ցուցահանդէս վաճառքին բացումը:
Մամուլի ճոխ հաւաքածոներու, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ Շրջանաւարտից միութեան հրատարակութիւններու եւ արխիւներու, բազմալեզու հատորներու հոյլին մէջ յատուկ ցուցափեղկի մէջ զետեղուած էր Սիմոն Վրացեանի մակագրութեամբ 1954ին Ճեմարանին նուիրուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորը, որ ինքնին մեծ արժէք կը ներկայացնէ Ճեմարանի արխիւներուն մէջ:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր գնահատական խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն: