ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն, որ աւելի ազդու քայլերու դիմէ, մինչեւ այսօր, պատերազմէն առաւել քան 100 օրեր ետք, Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերի պահուող հայերը վերադարձնելու ուղղութեամբ:
«Մենք պէտք է օգնենք Հայաստանի ժողովուրդին՝ օժանդակելով Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացին: Մենք պէտք ընենք այն, ինչը նախորդ վարչակազմը չկրցաւ ընել», ըսաւ Մենենտեզ:
Ծերակուտականին կոչին աջակցելու համար այցելել Հայ Դատի հաստատած՝ կայքէջը։