ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ, 12 եւ 20 Փետրուար 2021ին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն ընթացքին, Վազգէն Մանուկեանի կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ պարագաներուն համար քննուող քրէական գործով, օրէնքով սահմանուած կարգով, Վազգէն Մանուկեան 4 Մարտին Քննչական կոմիտէին կողմէ հարցաքննուեցաւ:
Որոշուեցաւ, որ իբրեւ խափանման միջոց ստորագրութիւն առնուի իրմէ` չհեռանալու խոստումով. նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Քննչական կոմիտէին դիմաց լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վ. Մանուկեան ըսաւ, որ ասիկա քաղաքական հետապնդում է, այլ որակում կարելի չէ տալ եղածին։ «Սա իսկական քաղաքական հետապնդում է: Մեր երկրում վերջին 2.5 տարուայ ընթացքում գոնէ ամիսը մէկ խախտւում է Սահմանադրութիւնը, հիմնական օրէնքները, ընդ որում երկրի ղեկավարի կողմից», նշեց ան:
Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք ալ բազմիցս խախտած է Սահմանադրութիւնը:
«Պատերազմի խայտառակ պարտութիւնից յետոյ, հիմա, երբ ոչ ռազմական վիճակ է, վարչապետը շարունակում է տալ Սիւնիքի հողերը, դա նշանակում է` սա Սահմանադրութեան մեծ խախտում է եւ յանցագործութիւն, պէտք է քրէական գործեր յարուցել իր դէմ», նշեց ընդդիմութեան շարժման ղեկավարը:
Վազգէն Մանուկեան նաեւ նշեց, որ եթէ նոյնիսկ զինք բանտարկեն շարժումը պիտի շարունակուի: «Մէկ բան է յայտնի` սա համաժողովրդական կոչ է` ինքը պէտք է հեռանայ: Եթէ ինձ կալանաւորեն, ապա կան հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը շարունակեն շարժումը, այս պայքարը իմ քմահաճոյքը չէ, սա համաժողովրդական պահանջ է եւ փրկութեան միակ ելքը»։