ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեան դիմեց վարչական դատարան` Հայաստանի նախագահի 24 Փետրուար 2021ի հրամանագիրը անվաւեր ճանչնալու պահանջով: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն: Ան հայցը ներկայացուած է 3 Մարտին եւ ուղղուած է դատաւոր Մերի Համբարձումեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.