ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- 3 Նոյեմբերին կնքուած եռակողմանի յայտարարութեամբ, կողմերու սահմանազատման գիծի անմիջական հարեւանութեամբ յայտնուած Ամարաս վանքը այցելեցին 30 հոգիէ բաղկացած հայ ուխտաւորներ, որոնց ընկերակցեցան ռուս խաղաղապահներ։
3 Նոյեմբերին կնքուած եռակողմանի յայտարարութեան գործադրութեան ծիրին մէջ, ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կեանքի վերականգնման։ Այս մասին կը գրէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։