ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան 2 Մարտին հանդիպումներ ունեցան Ստեփանակերտի մէջ գործող Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի նախագահ Դ. Ս. Գաբրիէլեանի եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի հասարակութեան եւ լրատուութեան բաժինի պատասխանատու Սոնա Համբարձումեանի, ՈՒԽ նախագահ Նորա Աղաբաբեանի եւ տեղակալ Նարինէ Առուշանեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարական Միութեան կողմէ նախատեսուող Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացքներուն ուսանողներու ներգրաւուածութեան հարցը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ծրագիրին վերաբերեալ հետագայ համագործակցութեան շուրջ: