ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- ՀՅԴ Հայասատանի Երիտասարդական Միութեան անդամները 2 Մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի դարպասներուն վրայ կախեցին կարմիր ժապաւէններ, որոնց վրայ գրուած են անունները Արցախի այն բնակավայրերուն, որոնք պատերազմէն ետք անցան Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ:
Յիշեցնենք, որ արդէն քանի մը օրէ ի վեր Բաղրամեան պողոտան կը շարունակէ փակ մնալ` «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» անդամներուն եւ անոնց աջակցողներուն ջանքերով. անոնք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: