ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը իր պաշտօնէն հեռացնելու վերաբերեալ առաջարկը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ Փաշինեանի կողմէ ուղարկուած էր իրեն։ Սակայն ան Սահմանադրական դատարանին մօտ առաջարկին սահմանադրականութիւնը չվիճարկեց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նախագահ Սարգսեան տակաւին միայն մէկ օր ունի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկութեան հարցով դիմելու Սահմանադրական դատարան, այլապէս 4 Մարտին Օննիկ Գասարեան արդէն պաշտօնէ կ՛արձակուի։
Նախագահին այս քայլին մասին կատարուած յայտարարութենէն ետք, խիստ մտահոգիչ նկատեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը՝ պահանջելով շտապ հանդիպում ունենալ անոր հետ։ Շարժումը նկատել տուաւ, որ տարածուած հաղորդագրութեան բովանդակութեան մէջ երկրին ղեկավարը կը շրջանցէ Նիկոլ Փաշինեանի՝ համապատասխան որոշումը սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու հարցը:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը նաեւ յայտարարեց, որ 3 Մարտին՝ ժամը 4ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ պիտի ունենայ հանրահաւաք մը՝ բանակին եւ հանապետութեան նախագահին վրայ ճնշումները շարունակելու նպատակով:
Նախագահ Սարգսեանի տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Հանրապետութեան նախագահը կարեւորում է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու հարցի վերաբերեալ առաջացած քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը: Այդ նպատակով հանդիպումներ եղած են վարչապետի, զօրավար–գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ: Ուսումնասիրուել են ազատելու մասին հրամանագրի նախագծի առնչութեամբ նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ վարչապետի հիմնաւորումները:
«Ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակն արդիւնք է պատերազմական եւ յետ–պատերազմական ժամանակաշրջանում քաղաքական եւ ռազմական գործիչների շրջանում առկայ տարաձայնութիւնների՝ երբեմն խիստ անձնաւորուած մօտեցումներով: Չեն կարող անտեսուել նաեւ հրամանագրի ստորագրմանն առարկելու համար հիմք հանդիսացած իրաւական առումով խնդրայարոյց մեկնաբանութիւնները, իրաւակիրառ փորձը, օրէնքի հնարաւոր բացը:
«Հանրապետութեան նախագահն իր նախորդ յայտարարութիւններում ընդգծել է, որ խնդրի շուտափոյթ եւ Սահմանադրութեան շրջանակներում կարգաւորումը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կայունութեան համար առաջնային կարեւորութիւն ունի եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է պետականութեան պահպանման, հասարակութեան հետագայ պառակտումը կանխելու, ժողովրդի միասնութիւնը եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու, ստեղծուած անորոշ վիճակից դուրս գալու եւ վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար:
«Հանրապետութեան նախագահը որոշել է չստորագրել հրամանագրի նախագիծը:
«Միաժամանակ, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169րդ յօդուածի 1ին մասի 4րդ կէտով, Հանրապետութեան նախագահն առանձին դիմումով դիմելու է սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. Նոյեմբերի 15ի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի՝ Սահմանադրութեանը համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:
«Հանրապետութեան նախագահը, հաւատարիմ իր յանձնառութեանը, շարունակելու է իրավիճակի հետագայ կայունացմանն ուղղուած քայլերը եւ կոչ է անում բոլորին՝ նախագահի ինստիտուտը ծառայեցնելով որպէս հարթակ, բանակցել առկայ բոլոր խնդիրների համապարփակ լուծումը գտնելու նպատակով»։
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին սահմանադրագէտ Վարդան Այվազեան յստակացուց, որ Հայաստանի նախագահը այսպիսով առիթ կու տայ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան, որովհետեւ ան Սահմանադրական դատարան կ՛ուղարկէ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքը, ինչ որ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Գասպարեանը պաշտօնէ արձակելու ընթացակարգին վրայ, որովհետեւ վերջինին վերաբերող առաջարկին սահմանադրականութիւնը վիճարկելու համար չէ, որ կը դիմէ դատարան։
«Այդ օրէնքը ոչ մի առնչութիւն չունի վարչապետի միջնորդութեան հետ: Այդ օրէնքի ընթացքը, ճակատագիրը առկայ վէճի հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Վարչապետի առարկութիւնները ետ ուղարկելուց յետոյ նախագահը 3 օր ժամկէտ ունի եւ եթէ 3 օրուայ ժամկէտում չդիմի ՍԴ, ԳՇ պետը կը համարուի ազատուած: Ինչպէս ինքն է ասում` «չեմ ստորագրում», դա հեքիաթ է, որովհետեւ էլ ոչ մէկը չի հարցնելու` ստորագրո՞ւմ ես, թէ՞ ոչ, իրաւունքի ուժով` վարչապետի միջնորդութիւնը ուժի մէջ է մտնում, ԳՇ պետը համարւում է աշխատանքից ազատուած», բացատրեց սահմանադրագէտը: