
ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար Ժոզէֆ Սիկելէյ յայտարարութիւն տարածեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիները անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։
«Կոչ կ՛ընեմ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի վերջին հակամարտութեան հետեւանքով Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը: Զինուած հակամարտութեան հետեւանքով բանտարկուածները պէտք է վերադարձուին ռազմական գործողութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք, առանց որեւէ նախապայմանի:
Ատիկա պէտք է դիտարկուի բացառապէս մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական գործընթացի ծիրէն ներս՝ իբրեւ ինքնաշխատ գործողութեան միջազգային պահանջ:
Հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց վերադարձի ձգձգումները կը խաթարեն մարդկային արժանապատւութիւնը եւ լրջօրէն կը խախտեն Ժընեւեան համաձայնագրերով երաշխաւորուած հիմնարար պահանջները: Ասիկա կոպտօրէն կը խախտէ յետպատերազմական փուլի մարդասիրական գործընթացն ու մարդու իրաւունքները երաշխաւորող միջազգային իրաւագրերը:
Գերիները ազատ արձակելը եւ անոնց անվտանգ վերադարձը կը պահանջեն անյապաղ լուծում», կ՛ըսուի Ժոզէֆ Սիկելէյի յայտարարութեան մէջ: