ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ՎԱՒՐԱՑՈՒՑ ՏՆՏՍՈՒԹԻՒՆԸ ԽԹԱՆԵԼՈՒ 1.9 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան մարմինները շաբաթավերջին վաւերացուցին «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպող երրորդ պատուաստը։
Նորագոյն պատուաստը արտադրուած է «Ճանսըն էնտ Ճանսըն» ընկերութեան կողմէ եւ յատկանշական է, որ անիկա մէկ սրսկումով կը մատուցուի եւ կարիքը չունի պահուելու գերպաղ պայմաններու մէջ։
Այս առաւելութեան փոխարէն, նոր պատուաստը նուազ համեմատոuթեամբ (մօտաւորապէս 67 տոկոս) կարողութիւնը ունի զսպելու հիւանդութեան յառաջացումը, սակայն նախորդներուն նման համեմատութեամբ կրնայ զսպել ծանր հիւանդութեան յառաջացումը, առաջքը առնելով հիւանդանոցային դարմանումներուն։
Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տունը Շաբաթ օր վաւերացուց տնտեսութիւնը խթնաելու եւ համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով նախագահ Ճօ Պայտընի առաջադրած 1.9 եռիլիոն տոլարի բանաձեւը, միայն դեմոկրատ քոնկրեսականներու քուէներով։
Քաղաքացիներուն 1400 տոլարական ուղղակի աջակցութեան կողքին, բանաձեւը կ՛երկարաձգէ անգործներուն դաշնակցային աջակցութիւնը եւ յաւելեալ գումարներ կը տրամադրէ նահանգաներուն եւ տեղական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ համաճարակին դէմ պայքարին եւ վարժարանները վերաբանալու ջանքերուն։
Նշենք, որ բանաձեւը այժմ պէտք է քուէարկութեան դրուի Ծերակոյտին մէջ, որպէսզի անիկա դառնայ օրէնք եւ գործադրուի։