ՀՅԴ Հոլանտայի (Նիտերլանտներ) Հայ Դատի յանձնախումբը հպարտութեամբ յայտարարեց, որ հոլանտահայութեան եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարիներու անխոնջ աշխատանքը արդէն տուաւ իր նոր արդիւնքը: Արդարեւ, Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին որոշում մը, որմով կոչ կ՛ընէ երկրին կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Հոլանտայի խորհրդարանը քանի մը առիթներով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչցած է, կառավարութիւնը տակաւին այդ քայլը չէ առած: 26 Փետրուարին տուած որոշումը յստակօրէն կը դիմէ կառավարութեան՝ պաշտօնական ճանաչման պահանջով:
Քրիստոնէական-ժողովրդավարական միութիւն (CDA) կուսակցութեան անդամ Վան Հելվերթ նախաձեռնող պատգամաւորներէն մէկն էր, որ խորհրդարանին ներկայացուց այս բանաձեւը: