ՊՈՍԹԸՆ.- Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին, առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի 14րդ հանդիսութիւնը, զոր նախատեսուած էր կատարել անցեալ Հոկտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ:
Այս հանդիսութեան Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ հետեւողական կերպով ծառայած Սարգիս Աղասարգիսեան (Ճորճիա), Պերճ Պարսումեան (Թենըսի) եւ Սթիւ Յակոբեան (Հարաւային Իլինոյ) ստացան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը։ Իսկ «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան ներկայացուցիչներ Էլիըթ Էնկել (Նիւ Եորք, դեմոկրատական) եւ Քրոսթոֆըր Սմիթ (Նիւ Ճըրզի, հանրապետական):