
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպի ծնունդ եւ ներկայիս Լեհաստան բնակող դոկտ. Արա Սայէղ 1993ին ստացաւ Վրոցլաւի ճարտարագիտական համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան եւ ջերմային սարքաւորումներու հիմնարկին մէջ ճարտարագիտական գիտութիւններու դոկտորի կոչումը: Ճարտարագիտական գիտութիւններու դոկտորի կոչումը ստանալէն ետք ան իր գիտական ասպարէզը սկսած էր Հալէպի համալսարանի մեքենաշինութեան բաժինը, ուր 2000ին ստացաւ ճարտարագիտական գիտութիւններու յետ-դոկտորականը: Հետազօտական եւ ուսուցչական գործունէութիւն ծաւալելով՝ ան երեք շրջան Հալէպի ուժանիւթի եւ մեքենաշինութեան համալսարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեց: 2007ին ան աւարտեց հնգամսեայ հետազօտական վարժութիւնը (LTS) Մոնրէալի մէջ: 2012ի Նոյեմբերին փրոֆ. Սայէղ սկսաւ իր հետազօտական եւ ուսուցողական գործունէութեան յաջորդ փուլը Վրոցլաւի ճարտարագիտական համալսարանի Բնապահպանական ճարտարագիտութեան բաժինին մէջ:
Ան հեղինակն է Լեհաստանի Գիտութիւններու համալսարանին կողմէ 2019ին արաբերէնով հրատարակուած հինգ գիտական գիրքերու եւ անգլերէն մենագրութեան՝ Operational Flexibility of heat pumps in smart district heating գիրքին եւ համահեղինակ՝ տարբեր միջազգային լեզուներով գիտաժողովներու աշխատանքներու:
Ներկայիս ան «Հորիզոն 2020» ծրագիրի, iWAYS – Innovative WAter recoverY Solutions through recycling of heat, materials and water across multiple sectors ծրագիրին, «Եւրոպա» դրամաշնորհի հիմնական նախաձեռնողներէն եւ կապալառուներէն մէկն է ջերմութեան, նիւթերու եւ ջուրի վերամշակման միջոցով: Դրամաշնորհին ներառուած են 19 գործընկերներ եւրոպական զանազան երկիրներէն: Իր ակնյայտ հետազօտական, ուսուցչական եւ կազմակերպչական գործունէութեան համար ան ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ Վրոցլաւի ճարտարագիտական համալսարանի եւ Հալէպի համալսարանի ղեկավարնեռուն կողմէն: Ի գիտութիւն Լեհաստանի հայերուն շրջակայ միջավայրին եւ ժառանգութեան մէջ ստեղծագործական մասնակցութեան արժանիքներուն՝ Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց փրոֆեսէօրին, 2017ին զայն պարգեւատրելով Արծաթէ Խաչով: