ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Կիրակի, 28 Փետրուարին, կ․ա․ ժամը 11էն սկսեալ, համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ տեղի պիտի ունենայ արդի արհեստագիտութեան եւ այդ մարզին մէջ գործարարութեան կարելիութիւններուն նուիրուած առցանց քննարկում մը:
Քննարկումը պիտի առաջնորդեն SmartGateVC հիմնարկի համահիմնադիր Վազգէն Յակոբճանեան եւ Hero House Glendale-ի վարիչ Արմինէ Գալստեան։
Մասնակցելու համար այցելել՝ կայքէջը (Meeting ID: 954 2195 7233/Passcode: AESA2021)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել alea@aesa.org հասցէին։