ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․– Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յայտարարեց, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ Դատի արհեստավարժ անձնակազմին միացած է Ալեքս Մանուկեան, որ պիտի ստանձնէ Հայ Դատի յաջորդ ղեկավարները պատրաստելու համար նախատեսուած ծրագիրները, ինչպէս՝ Լէօ Սարգիսեանի եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան վարժողական ծրագիրները, համակարգելու պատասխանատուութիւնը։
Ալեքս Մանուկեան, որ մասնակցած է Հայ Դատի վարժողական շարք մը ծրագիրներու, ներկայիս կառավարական գիտութիւններու մարզին մէջ կը մասնագիտանայ մայրաքաղաքի «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ։
Ան ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած է տեղւոյն Ճեմարանը եւ Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք՝ Փիքօ Ռիվերայի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը։
Ան անդամ է Ուաշինկթընի ՀԵԴի «Անի» ուխտին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, իր յաճախած համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։
Հայ Դատի յանձնախումբին յաջորդ վարժողական ծրագիրներուն դիմելու ժամկէտը 31 Մարտն է։ Հետաքրքրուողները կրնան այցելել anca.org/internship կամ anca.org/gateway կայքէջերը։