ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Երեքշաբթի յետմիջօրէին ստորագրեց համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով գոյացած 7.6 միլիառ տոլարի աջակցութիւններու ծրագիրը։
Այս ծրարէն պիտի օգտուին գլխաւորաբար տարեկան 30,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունեցող քաղաքացիները, կեցութեան իրաւասութիւն չունեցող աշխատաւորները եւ տարեկան մինչեւ 2.5 միլիոն տոլարի եկամուտ ունեցող գործարարները։ Մինչ առաջին երկու խումբերուն անդամները կրնան 600էն 1200 տոլար ստանալ, ուղղակի կամ տուրքի կրճատման ձեւով, գործարարներուն վերապահուած է 5000էն 25,000 տոլարի աջակցութիւն։
Նաեւ, 50 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի ոչ-հասութաբեր մշակութային կազմակերպութիւններուն, իսկ 30 միլիոն տոլար՝ կարիքաւորներուն ուտեստեղէն բաժնող կեդրոններուն։
Նահանգապետը նաեւ 2 միլիառ տոլարի աջակցութեան ծրար մը առաջադրած է, արագացնելու համար դպրոցներուն վերաբացումը։