ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած հրամանագիրին՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Անգարայի նոր դեսպան նշանակուած է Մուրատ Մերճանը:
Ան 2017էն մինչեւ այս նշանակումը եղած է Ճափոնի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը:
Ըստ թրքական աղբիւրներուն՝ դեսպանը մասնագիտութեամբ դիւանագէտ չէ եւ Ճափոնի մօտ դեսպան նշանակուելէն առաջ եղած է Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար: Ան նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն է: