ԵՐԵՒԱՆ.- 24 Փետրուարին, երիտասարդներ Ալեք Մանուկեան փողոցին վրայ անհնազանդութեան շարժում կատարեցին՝ պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը։ Անոնք «Ուսանո՛ղ, միացի՛ր» գոչելով՝ մտան Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ): Երիտասարդները ուսանողներուն եւ դասախօսներուն կոչ ուղղեցին՝ միանալու «Առանց Նիկոլ Հայաստան» պայքարին:
Ցուցարարները շրջեցան նախ` Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, ապա մտան միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը:
«Ուզում ենք շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի պետական համալսարանին եւ այն բոլոր բուհերին, որոնք միացել են «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»ը` հեռացնելու դաւաճանին», յայտարարեցին ցոյցը կազմակերպողները։
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս բոլորին հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ պետութեան պաշտպանութիւնը:
ԵՊՀի նախագահի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան վերահաստատեց իր` նախօրօք արտայայտած դիրքորոշումը․ «Ես եւս գտնում եմ, որ այս կառավարութիւնը պէտք է հրաժարական տայ»:
Ապա ցոյցին մասնակցողները դուրս ելան ԵՊՀի կեդրոնական մասնաշէնքէն եւ երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը: Անոնք փորձեցին մտնել, սակայն մեծաթիւ ոստիկանները կասեցուցին զանոնք։ Հրմշտուք սկսաւ քաղաքացիներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ: Ցուցարարները այլ մուտքով մը մտան նշեալ համալսարանը:
Ցուցարարները մտան համալսարանի նախագահին ընդունարանը եւ յայտարարեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան այլեւս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն չունի, եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կը պահանջէ, որ բոլոր գիտակից ու արժանապատիւ քաղաքացիները միանան շարժումին: Ցուցարարները մտան լսարանները եւ յայտարարեցին, որ պէտք է դուրս ելլել՝ պայքարի:
Այս նախաձեռնութեան աւարտին երիտասարդները արձանագրեցին, որ երկու համալսարաններուն մէջ ալ իրենց կը սատարէին թէ՛ ուսանողները եւ թէ դասախօսները: