ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 17 եւ 18 Փետրուարին, «ԱՔԹ Ըլայընս»ը, համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորիւմին՝ կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրանդ վրդ. Թահանեան։
Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, «ԱՔԹ Ըլայընս»ը նախատեսած է իրագործել կլիմայական արդարութեան նուիրուած զանազան ծրագիրներ՝ տարածաշրջանային եւ ազգային գործընթացներու միջոցով, որոնք պիտի ըլլան համահունչ ՄԱԿի «Կայուն զարգացման նպատակներ»ու եւ «Փարիզի կլիմայի կամաձայնագիրներ»ուն։
Նշենք, որ զանազան երկիրներու մէջ արդէն իսկ տեղի ունեցած այս երկխօսութիւնը կը հետապնդէ խրախուսել տեղական եկեղեցիները, հաւատքի վրայ հիմնուած ոչ-կառավարական կազամակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարական մարմինները՝ անդրադառնալու կլիմայի ճգնաժամի հրատապ մարտահրաւէրներուն։
Երկխօսութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Լիբանանի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հետևանքները, ինչպես նաեւ բնապահպանական համաձայնագիրներու նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործման ընթացքը: