ժԱՆ ՊԱԼՃԵԱՆ
Այո՛, Սեւանն ալ մահացաւ այս զարհուրելի «Քորոնա» ժահրին պատճառով։
Սեւանը ճանչցած եմ Պէյրութի ՀՄԸՄի քաղաքի ակումբին մէջ՝ իբրեւ մեր սկաուտապետներէն մին։ Հոգատար, բարեսիրտ անձնաւորութիւն, որ իր մօտեցումով եւ անկեղծութեամբ կը գրաւէ քեզ։ Աւելի ուշ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իբրեւ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր, նոյն իր հեզ բնաւորութեամբ ու ղեկավարի տուեալներով իր անսահման նուիրուածութիւնը բերաւ մեր գաղութի անվտանգութիւնը ապահովելու գործին։
Ան ծնած էր Պաղտատ, 1957ին․ փոքր տարիքին կը կորսնցնէ մայրը։ Հայրը՝ Իրաքի մեջ յարգուած դեղագործ եւ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր, մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ, իբրեւ հակառակորդ կողմերու՝ Մուսթաֆա Պարազանիի եւ նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի միջեւ բանագնաց։
Սեւանը օժտուած էր ղեկավարելու եւ հարցեր լուծելու բնածին կարողութեամբ։ Համեստ բնաւորութեամբ հեզահամբոյր մեր սիրելի ընկերը թունդ դաշնակցական էր։ Ան քաջ ու անվախ էր։ Անմոռանալի տարիներ էին… 1982ի ամրան Արեւմտեան Պեյրութի պաշարումի ընթացքին, իր օրուան ուրախութեան պահն էր, երբ հայրս ու մայրս Երեւանեան կեդրոն կ՛այցելէին՝ տունը պատրաստուած ճաշերով եւ անուշեղեններով։
Լիբանան այցելութիւններուս ընթացքին ազգականներուս կողքին օդակայանն էր Սեւանը՝ զիս դիմաւորելու համար։ Հաւատարիմ ընկեր էր։ Միշտ նուիրուած՝ իր ազգին ու հայրենիքին, նաեւ հայ ազգի ազատագրական պայքարին՝ մինչեւ Արցախ։
Մեր սիրելի ընկերը վերջին ամսուան ընթացքին, կ՛երեւի նախախնամութեան արդիւնք, կապի մէջ մտաւ իր բոլոր մտերիմ ընկերներուն հետ։
Քարինային հետ ամուսնութեան օրը եւ հօրը թաղումին միշտ շրջապատուած էր իր անկեղծ գաղափարի ընկերներով։ Բոլորիս անխտիր յարգանքը կը վայելէր մեր սիրելի ընկեր Սեւանը, որուն մեծագոյն ուրախութիւնը իր 4 զաւակներն էին ու թոռները։ Իսկ իր 3 եղբայրները, իր կողքին, կը մարմնացնէին հայկական աւանդական ընտանիքի լաւագոյն օրինակը։ Երբ առաջարկեցի, որ Քանատա հաստատուի՝ իր պատասխանը շատ յստակ էր. «Ես եղբայրներէս հեռու չեմ կրնար ապրիլ»։
Տասնեակ տարիներ ՀՅԴ շարքերէն դուրս մնաց, սակայն մնաց միշտ հաւատարիմ ու վերջերս մեր շարքերը վերընդունուեցաւ արդարօրէն։ «Վէրքերով լի ջան ֆետայի»։
Սիրելի, աննման հաւատարիմ անկեղծ ընկեր։ Մենք քեզ երբեք պիտի չմոռնանք ու միշտ պիտի յիշենք։
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի, անմոռանալի ընկեր։