ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Փետրուար 1988էն, երբ սկիզբ առաւ Արցախեան շարժումը, 33 տարի ետք՝ 20 Փետրուար 2021ին, դարձեալ Ազատութեան հրապարակին վրայ, հակառակ ձիւնին եւ ցուրտին, մեծաթիւ հայորդիներ համախմբուեցան՝ պահանջելով Արցախի մեծ մասին կորուստը պատճառած 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը կնքած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Մեծաթիւ ցուցարարները ընդառաջած էին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կոչին։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքին սկիզբը ընդգծեց, որ յուզիչ օր է, որովհետեւ 33 տարի առաջ նոյնպիսի եղանակի պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանրահաւաքը, որմով սկսաւ արցախեան շարժումը: Ան ընդգծեց, որ այս վիճակէն կրնանք դուրս գալ, բայց կայ նախապայման` այս վարչակազմը պէտք է «դուրս շպրտուի», որմէ ետք միայն կը սկսին իրական քայլերը:
«Մենք ոչ միայն պէտք է վերականգնենք այն, ինչ կորցրել ենք, մենք պէտք է դրա վրայ կառուցենք այն պետութիւնը, որի մասին երազում էինք: Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը գնայ եւ գան մարդիկ, որոնց համար իշխանական տենչը, անհաւասարութիւնը, ընտրութիւնները կեղծելը, ժողովրդին փող բաժանելը մնայ, ուրեմն մենք ոչ մի նպատակի չհասանք, նորից մի հատ Նիկոլ կ՛առաջանայ, դրա համար մեր պայքարի մէջ պէտք է լինի եւ մերժումը ներկայի: Այն պետութիւնը պէտք է կառուցենք, որի մասին երազել էինք: Պէտք է, նախեւառաջ, վերակառուցել մեր բանակը, ապահովել մեր անվտանգութիւնը, մեր անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն ոչ թէ ռուսական, այլ հայկական զօրքերը: Պէտք է նաեւ մեր յարաբերութիւնները լաւացնել դաշնակից երկրների հետ Չինաստանի եւ ցանկացած երկրի հետ, որը պայքարում է Թուրքիայի դէմ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:
«Արցախեան շարժումից 33 տարի անց այս պատմական հրապարակում, այս պատմական օրը մենք պէտքէ հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ բացենք նոր լուսաւոր էջ», իր խօսքին մէջ նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան:
«Դուք նաեւ այսօր ուժեղ ապտակ տուեցիք այս իշխանական խմբակին եւ նրանց, ովքեր ասում էին` այս շարժումը մարել է, որ ժողովուրդը համակերպուել է այս վիճակին: Հայ ժողովուրդն իր պատմութեան մէջ այսպիսի ապիկար, տկար, սրիկայ, անսրբութիւն, ստախօս իշխանութիւն երբեք չի ունեցել», ըսաւ Սաղաթէլեան եւ աւելցուց, որ բոլորը պէտք է հասկնան, թէ ի՛նչ ճամբով պէտք է հեռացնենք այս իշխանութիւնները: «Մենք ծանօթ ենք ձեր տրամադրութիւններին, տեսել ենք ձեր վճռականութիւնը, գիտենք նաեւ ձեր դժգոհութիւնը, սակայն ունենք պատասխանատուութիւն ձեր նկատմամբ եւ երբեք չենք տանելու արկածախնդրութեան, միասին, յամառ, հետեւողական պայքարի արդիւնքում հեռացնելու ենք այս չարիքի կառավարութեանը եւ կառուցենք երազանքների հայրենիք», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց տունը գտնուող քաղաքացիներուն՝ միանալու իրենց:
Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց, որ այս համաժողովրդական պահանջը դառնայ համաժողովրդական պայքար: «Առաջիկայում գումարելու ենք համահայկական ներկայացուցչական մեծ ֆորում, այս պահից սկսած այդ ֆորումի նախապատրաստական աշխատանքների մեկնարկը տրւում է եւ դրանով սկիզբ է դրուելու Հայաստանի վերելքի ծրագրին», ըսաւ ան:
Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի նախկին վարչապետ, «Ազատութիւն» կուսակցութեան նախագահ Հրանդ Բագրատեան, ՀՅԴի անդամ, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան եւ քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան:
Հանրահաւաքի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ 20 Փետրուարին տեղի ունեցած այս հանրահաւաքով մեկնարկը տրուեցաւ շարժումի նոր սկիզբին` աւելցնելով, որ այսպիսով նոր էջ կը բացուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ համաժողովրդական պահանջը պէտք է դառնայ համաժողովրդական պայքար՝ դիտել տալով, որ նոյն օրէն իսկ եւ անդադար բողոքի զանգուածային ցոյցեր պէտք է կազմակերպուին: Մենք պիտի շարունակենք մեր անհնազանդութեան գործողութիւնները: Իշխանութիւններուն պէտք է ցոյց տանք հեռացման պահանջը, յայտարարեց Սաղաթէլեան:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքին յաջորդեց երթը Երեւանի Կեդրոնի տարբեր փողոցներով: Երթին մասնակցողները փակեցին կեդրոնական փողոցները:
«Դուք այսօր ցոյց տուեցիք, որ մեր ժողովրդի մէջքը կոտրել չի լինի: Մեզ պարտութեան տարաւ այս շէնքում նստած սրիկան, դուք այսօր ցոյց տուեցիք, որ մենք կարող ենք ընկած տեղից վեր կենալ, թէկուզ վիրաւոր, մէջքներս ուղղենք եւ գնանք մեր երազած հայրենիքի կառուցման հետեւից: Մենք յաղթելու ենք. յաղթելու ենք սրանց, մեր թշնամիներին եւ վերականգնելու ենք մեր կորցրածը: Ես նորից կոչ եմ անում մեր հայրենակիցներին, ովքեր այսօր հրապարակում չէին, եկէք կանգնէք մեր կողքին, եկէք, որ մեր կորցրած արժանապատուութիւնը վերականգնենք, որ քշենք այս չարիքի կառավարութեանը եւ միասին կառուցենք մեր երազանքի հայրենիքը», երթին աւարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նաեւ ներկայացուց մանրամասնութիւններ յառաջիկայ գործողութիւններուն մասին:
Յաջորդ օրը՝ 22 Փետրուարին, Երեւանի Պրահայի այգիէն մեկնարկեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի անհնազանդութեան երթը, որուն բազմահազար մասնակցողները կը վանկարկէին »Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»՝ պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Իշխան Սաղաթէլեան անհնազանդութեան երթէն առաջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ՝ շեշտելով, որ միասնաբար կարելի է հասնիլ այդ նպատակին։ Ան վստահեցուց, որ պիտի ընթանան սահմանադրական ճանապարհով:
Երթին մասնակցողները Քոչար փողոցով ուղղուեցան դէպի Բաղրամեան պողոտայ:
«2300 հայ մայր փնտռում է իր զաւակին, իսկ Ադրբեջանը յայտարարեց, որ այլեւս թոյլ չի տալու, որ գրաւեալ տարածքներում որոնողական աշխատանքներ կատարուեն: Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուած կերպով յանձնել է Արցախը: Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր խունտան կանգնելու են դատարանի առաջ: Լինելու է Արցախը յանձնողների Նիւրնբերգը, եւ որեւէ մէկը դրանում չկասկածի«, երթին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան:
«Այս իշխանութեան ամենալպիրշ եւ ամենացինիկ ներկայացուցիչներից մէկը երէկ մեզ է փոխանցել գերագոյն-գլխաւոր վախկոտի, հոգին խեղուածի, դաւաճանի ուղերձը, որ եթէ ինչ-որ բան իրենց սրտով չգնայ, ապա նրանք կրակ կը բացեն ժողովրդի վրայ», նշեց Արփինէ Յովհաննիսեան:
Երթին մասնակցողները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին՝ միանալու երթին, միանալու եւ ո՛չ ըսելու, իսկ քաղաքացիները պատշգամներէն կ՛ողջունէին զանոնք։
Մասնակցողները կանգ առին նախագահական նստավայրին մօտ, ուր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ արցախեան կորուստէն ետք շատեր հասկցան, թէ 2018ին որո՛ւն յանձնած էին իշխանութիւնը. մէկը, որ կը սիրէ նիւթապաշտութիւնը, յարմարաւէտութիւնը:
Երթին մասնակցողները հասան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր ամփոփեցին երթը:
«Այն, ինչ կատարուեց սարսափելի էր, այն, ինչը մեզ սպասում է սրանց օրօք՝ աւելի սարսափելի է լինելու», յայտարարեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: Ան շեշտեց, որ ասիկա քաղաքական պայքար չէ, այլ նպատակ ունի փրկել հայ ազգը եւ այս պետութիւնը:
Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ 23 Փետրուարին, ժամը 11:30ին, պիտի հաւաքուին կառավարութեան շէնքին մօտ՝ թոյլ չտալու Փաշինեանին տեղաշարժիլ, իսկ երեկոյեան ժամը 6:30ին՝ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ ու երթով պիտի ուղղուին դատախազութեան, ապա ոստիկանութեան շէնքին մօտ: