ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 23 Փետրուարին ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ճգնաժամի հարցերու Վրաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորի:
Արման Թաթոյեան լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներու` զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձի հրատապութեան հարցը:
Ան նշեց, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կերպով կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը` հայ հասարակութեան եւ յատկապէս գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանքներ պատճառելու ու երկրին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով:
Պաշտպանը ներկայացուց յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին մարդու իրաւունքներու լուրջ հարցերը, որոնք ծագած են Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակչութեան ուղղուած պատերազմի բացայայտ սպառնալիքներուն տակ, անթոյլատրելի արագութեամբ ընթացող սահմաններու որոշման գործընթացին պատճառով:
Արման Թաթոյեան ընդգծեց, որ ոչ միայն չեն դադրած, այլ նաեւ նոր զարգացումներ ստացած են Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը եւ թշնամանքի հրահրումը:
Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր կարգին ընդգծեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին դերը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ եւ լուսարձակի տակ առաւ պաշտպանին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: