ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի անդամներուն յղուած նամակով մը Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները կոչ ըրին անոնց, որ գործիք չդառնան «Խոճալուիի ջարդեր»ուն մասին Ատրպէյճանի սուտերը տարածելու ջանքերուն։
Նամակին տակ ստորագրած են Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն եւ Ատրին Նազարեան:
Նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ: