ՕԹԹԱՈՒԱ.- 19 Փետրուարին, Սումկայիթի հայոց ջարդերու 33րդ տարելիցի նախօրեակին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խորհրդարանի պատգամաւորական հերթական նիստին ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց Սումկայիթի ջարդերուն զոհ գացած հայերու յիշատակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը:
Մեծն Թորոնթոյի Մարքամ ընտրատարածքի երեսփոխան, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Պապ Սորայա խստօրէն դատապարտելէ ետք 27 Փետրուար 1988ին, հայերու դէմ գործադրուած ատրպէյճանական զանգուածային ջարդերը՝ նշեց, որ անցնող Սեպտեմբերին, պատմութիւնը կրկնուեցաւ, երբ Ատրպէյճան սանձազերծեց պատերազմ Արցախի դէմ: Ան յիշեցուց, որ պատերազմը պատճառ դարձաւ հազարաւոր հայերու փախստական դառնալուն եւ բանտառկուած հարիւրաւոր հայ ռազմագերիներու Ատրպէյճանի կողմէ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուելուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ շեշտելով, որ պէտք է պատմութենէն դասեր քաղելով՝ միշտ կանգնիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան կողքին:
Նշէնք, որ 1988էն 1990 Պաքուի իրականացուցած հայերու զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով՝ վտարանդի դարձաւ Ատրպէյճանի ամբողջ հայ համայնքը: