ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 16 Փետրուարին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, Արցախի հերոս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրն էր: Արցախի պատմութեան շրջադարձային փուլին երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնած յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Արթուր Մկրտչեան 16 Փետրուարին պիտի դառնար 62 տարեկան: Անոր յուշաքար-գերեզմանին յարգանքի տուրք մատուցեցին հարազատները, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ ՀՅԴի անդամներ:
«Մկրտչեանի շիրիմ այցելելը խիստ ծանր է, յատկապէս այսօր», ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան՝ աւելցնելով. «Արթուր Մկրտչեանի կերպարը մեզ անհրաժեշտ է, այդ կարգի առաջնորդները պահանջուած են: Ցաւօք սրտի տեսանք, որ առաջնորդողներ եւ առաջնորդներ չունենք»։ Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի` անհրաժեշտ է ճիշդ վերլուծել անցեալի սխալները` ցանկալի ներկայ ու ապագայ կերտելու համար:
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան այն կարծիքին է, որ քաղաքականութեան մէջ բարոյականութեան ճամբով քալող գործիչներուն պատմութիւնը չի մոռցուիր: Այդպիսի գործիչներէն է Արթուր Մկրտչեան, որ քաղաքականութեան մէջ ներմուծեց նաեւ իրական ժողովրդավարութիւնը:
«Մեր դժբախտութիւնը նրա մէջ է, որ սխալ ճանապարհով գնացինք: Մարդիկ, ովքեր արժանի չէին ղեկավար լինելու, դարձան ղեկավարներ, հարց լուծողներ: Դրա հետեւանքով այսօր շատ հարցեր կան շտկելու, վերախմբագրելու: Համոզուած եմ, որ մեր ժողովուրդն այս անգամ էլ կը յաղթահարի դժուարութիւնները, բայց միայն ու միայն ճիշդ ճանապարհով գնալու միջոցով` նորովի արժեւորելով այն ճանապարհը, որ անցել են Արթուր Մկրտչեանը, նրա գաղափարակիցները», շեշտեց Վահրամ Բալայեան: