ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ինչպէս երէկ տեղեկացուցած էինք,Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած էր, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ՝ Ատրպէյճանի կողմը յանձնեց 106 զինուորներու աճիւնները: Այսօր՝ 17 Փերուարին, Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան կողմէ Յունան Թադեւոսեան «Արմէնփրէս»ին յայտնեց, որ վերոնշեալ զինուորներուն աճիւններուն վրայ նկատուած հողէն կ՛ենթադրուի, որ անոնք արդէն թաղուած էին։
«Ադրբեջանական կողմից զոհուածների աճիւնների փոխանցման ուղղութիւնից նաեւ ենթադրւում է, որ զոհուած զինծառայողները Ջաբրայիլի եւ Ֆիզուլու մարտական գործողութիւնների հատուածներում անհետ կորածներից են: Այդ ուղղութեամբ անհետ կորածների վերաբերեալ ամենաշատ թուով դիմումներն են ստացուել ծնողների ու հարազատների կողմից», մանրամասնեց Թադեւոսեան՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանական կողմի արգելքին պատճառով 17 Փետրուարին եւս որոնումներ չեն կատարուած:
Զինադադարէն ետք կատարուած որոնումներուն իբրեւ արդիւնք՝ առայսօր յայտնաբերուած, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանէն հայկական կողմին փոխանցուած աճիւններուն ընդհանուր թիւը 1485 է: