ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Հա՛յ ծնած ես… Հայօրէ՛ն պիտի ապրիս… Հա՛յ պիտի մեռնիս:
Այսօր իւրաքանչիւր հայ անհատ, որուն երակներուն մէջ հայու արդար ու հպարտ արեան հոսքը զուգահեռ է սրտի զարկերուն հետ, վստահ գիտէ, որ իր հայկական ոգին դրոշմուած էր, այն օրէն երբ տակաւին մօրը արգանդին մէջ շնչող սաղմ մըն էր…:
Զգայուն հարց:
Ազգային հպարտութիւնը շոյող, յուզող, ապա վէրքի վերածուող կոտտացող՝ ՄԵԾ ՑԱՒ՝ ազգային ցաւ:
Ազգին միակ եւ անզուգական պատուանդանը հայրենիքն է: Իսկ «ի՜նչ հայրենիք»: Մեր պապերուն արեամբ ողողուած եւ ազգային հերոսներու արեամբ սրբացած հայրենիք մը, որ յաճախ «Ա՜խ հայրենիք» երգելով եւ երազելով ու առանց տեսնելու հեռացած մեր պապերու սրբազան ԵՐԱԶն էր:
Այսօր, մենք՝ միջին սերունդի ներկայացուցիչներս որ հայրենիքէն հեռու, Սփիւռքի զանազան ափերուն թրծուած եւ գոյացած սերունդ ենք, հայրենիքին հետ ապրեցանք, հայրենիքը մեր մէջ ապրեցուցինք՝ շունչ ու մարմին տալով, մեր կարգին փորձեցինք փոխանցել յաջորդող սերունդին, գլխաւոր յանկերգներով՝ «Հպարտ եղի՛ր, որ հայ ես», «Հպարտ եղի՛ր քու պապերուդ մշակութային ժառանգով», «Հպարտ եղի՛ր քու հայրենիք՝ Հայսատան եւ Արցախ աշխարհով»: Ազգային շունչով տոգորուած ապրեցանք եւ ապրեցուցինք…:
Արդեօք իրապա՞շտ է մտածել, որ այս բոլորը զգացական աշխարհին, այլ ոչ թէ իրապաշտ աշխարհին կը պատկանին:
Եթէ Այո՞… ուրեմն թոյլ տուէք որ ՈՃԻՐ անուանեմ պատահածը:
Այո՛, ոչ միայն ազգային դաւաճաններ են անոնք, այլ ՀԱՅը հայուն մէջ ստրկացնող ու սպաննող ոճրագործներ են:
«Ո՜վ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆ-արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»: Յարգա՛նք բանաստեղծ Սիամանթոյի յիշատակին:
Կ՛ըսեն, որ անցեալը դաս է, իսկ ներկան սրբագրումն է գալիք անսխալ աապագայի տեսլականին:
Բիւր յարգանք ու Պատի՛ւ ձեզ մեր փառապանծ ազգի անզուգական անմահ հերոսներ… Հազար ներողութիւն…, բայց խնդրեմ գլուխ մի ցցէ՛ք ձեր շիրիմներէն, իսկ եթէ կուզէ՛ք, բայց եւ փորեցէք ձեր աչքերը, որ չտեսնէք ազգապիղծ ու հայրենադաւ ստոր արարածները, որոնք եթէ կրկին աշխարհ գալու առիթը ունենան, ազգային սրբութեան եւ հայրենիքի սուրբ դռնէն ներս մուտք գործելու՝դոյզն իրաւունքն իսկ, պէտք չէ, որ ունենան…:
Յաւակնութիւնը չունիմ մտածելու, որ միայն յաղթանակ կայ պատերազմներու ընթացքին…, սակայն եւ արիւնախում սիրտով ու ճաքած երակներով կը կմկմամ՝ «հայրենի հողը նուիրե՞լ, վաճառե՞լ, Շուշին… դարձնե՞լ»: Ի՜նչ ամօթալի համարձակութեամբ նայինք մեր նոր սերունդի անմեղ ու հարցական աչքերուն: Ի՞նչ ըսել եւ ի՞նչ բացատրել… ինչպէ՞ս որակել անցեալի հպարտութիւնն ու ներկայի ԱՄՕԹը:
Խորհուրդս ազգին դաւաճաններուն այն է, որ իրենց իսկ ձեռքերով վայրագօրէն բզկտեն իրենց սիրտը ու այդ ցաւով հասկնան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիքի վիշտը:
Մեր ազգը իւրայատուկ է մեզի համար ինչպէս նաեւ այլ ազգերու համար: Ցեղապաշտ ըլլալը ըսին, որ մոլութիւն է, պէտք է ազգասէր ըլլալ:
Հայրենիքը պաշտելը չափազանցութիւն է… պէտք է հայրենասէր ըլլալ ըսին:
Տօ՛ ասոնք (Յ.Օշականի արտայայտութեամբ), ոչ ազգ եւ ոչ հայրենիք ճանչցած են, որ այդ զոյգ սրբութիւննեը զգան իրենց կուրծքին տակ ու սիրեն եւ սիրելով ծառայեն:
ՄԵ՜ՂՔ եւ հազար ԱՄՕ՛Թ, որ հասած էք իշխանութեան եւ դարձած էք երկրին ու ժողովուրդին «դաւաճան ղեկավարներ»ը, որ ձեր աթոռախաղին կառչած կը ծառայէք, մեր ազգի ու հայրենիքի դարաւոր թշնամիին արիւնարբու ախորժակները սրելու:
Հաշուետո՛ւ էք եւ պէ՛տք է ըլլաք, այլապէս մենք՝ հաշիւ պահանջողներս, մեծ ամօթով հաշուետու կը մնանք ցկեանս, մեր ազգի նորագոյն պատմութեան տողերուն մէջ…
Հաւատալով, որ ժողովուրդն է իսկական տէրը իր երկրին եւ աւելին՝ ազգն է տէրը իր հայրենի հողին ու ճակատագիրին… Ուրեմն միասնական, բայց եւ արդար ոյժ է հարկաւոր:
Դարձի՛ եկէք, մեծ ու փոքր դաւաճաններ…Մեղանչեցէ՛ք:
Հայն ու Հայաստանը եւ Արցախ աշխարհը մեր նուիրական պապերու եւ անմահ հերոսներու արժանապատուութիւնն են… Յիշեցէ՛ք: