ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Բուն անունով Սարգիս կամ Սերգէյ Յովհաննիսեան, Վանի մէջ կը դառնայ Արամ Մանուկեան: Ան ծնած է 1879ին Ղափանի Դաւիթ Բէկ գիւղին մէջ, արհեստաւոր համեստ ընտանիքի մը մէջ: Ծնողներուն չքաւորութեան պատճառով դառն մանկութիւն մը կ՛ունենայ ան: Շուշիի մէջ դերձակութիւն ընող մեծ եղբօր օգնութեամբ ան կ՛աւարտէ Ագուլեաց ծխական ուսումնարանը եւ 1890ին կը մտնէ Շուշիի թեմական դպրոցը:
Աշխատասէր, ուշիմ եւ ընդունակ պատանի մը կ՛ըլլայ Արամը, սիրուած իր ուսուցիչներէն ու ընկերներէն: Ան աչքի կ՛իյնար մտաւոր զարգացումով եւ եռանդով, կը մասնակցէր աշակերտական խմբակներու աշխատանքներուն: Շուշիի թեմական դպրոցը, այդ տարիներուն յեղափոխական խմորումներու կեդրոններէն եղած է: Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը տիրական կ՛ըլլայ աշակերտութեան վրայ, հակառակ անոր որ տեսչութիւնը կը գտնուէր պահպանողականներուն ձեռքը: Արամի դպրոցական ընկերները կ՛ըլլան, ապագայ Իշխանը, Մենակը, Իսաջանը եւ ուրիշ ըմբոստ գաղափարական երիտասարդներ: Բախումը աշակերտութեան եւ տեսչութեան միջեւ անխուսափելի էր, ի վերջոյ, խումբ մը աշակերտներ որոնց շարքին էր նաեւ Արամ, խռովայոյզ ցոյցերէ յետոյ, ոստիկաններու ուժով կը վտարուին դպրոցէն:
Արամը, Իշխանը ու քանի մը ուրիշներ կ՛ընդունուին Երեւանի թեմական դպրոցը, ուր իրենց հետ կը բերեն Դաշնակցական գաղափարներն ու ոգեւորութիւնը: 1901ին, աւարտելով Երեւանի թեմական դպրոցը, Արամ կ՛անցնի Պաքու, աշխատանքի համար, ուր շուտով աչքի կ՛իյնայ իբրեւ եռանդուն դաշնակցական գործիչ: 1903ին, եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրերուն, Արամը Պաքուի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կը ղրկուի Գանձակ՝ ինքնապաշտպանութեան գործով, ապա կը ղրկուի Կարսի շրջանը, որ դաշնակցութեան գործունէութեան եռուն վայրն էր այդ օրերուն: Այդտեղէն զէնք ու ռազմամթերք կը փոխադրուեր երկիր, խումբեր կը կազմակերպուէին երկիր մտցնելու համար: Հոն էին Սեբաստացի Մուրատը, Թորգոմը, Իշխանը, Իսաջանը, Մենակը եւ ուրիշ գործիչներ ու հայդուկներ: Աննկարագրելի եռուզեռ ու ոգեւորութիւն կը տիրեր շրջանին մէջ:
Արամը ամբողջ թափով կը փարի յեղափոխական խումբերու պատրաստութեան: Յաջորդաբար խումբերը անցան սահմանը, փութալով Սասունի օգնութեան եւ ճանապարհին շատերը բնաջնջուեցան ռուսերու ու թուրքերու ձեռքով: Սպաննուեցան Արամի մտերիմներէն՝ Թորգոմը, Իսաջանը, Մենակը: Կարսի շրջանը այլեւս անտանելի դարձաւ իրեն համար․ ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ․ «Խիղճս ինձ տանջում էր, որ ամէնքը գնացին եւ նահատակուեցին, իսկ ես կարծես մի խորամանկութեամբ յետ մնացի»:
1910ին, Արամ Մանուկեան տարածելով իր գործունէութիւնը Վանի մէջ, կը դառնայ Վասպուրական հայութեան ամենաճանչցուած ու սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան եղած է ամէն ինչ՝ դպրոց, մամուլ եւ ազգային հաստատութիւններ, երիտասարդական շրջանակներ, յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ: Արմենակ Երկանեանի եւ այլ ազգային գործիչներու հետ կազմակերպած եւ ղեկավարած 1915ի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութեան յաղթական աւարտէն յետոյ, նշանակուած է Վանի նահանգապետ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՈՒՄՆ ՈՒ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ 1917ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը ստանձնած էր Արամ Մանուկեանը, որ 1917ի վերջերէն սկսեալ կը գլխաւորեր Երեւանի ազգային խորհուրդը: Արամը ստացած էր լայն լիազօրութիւններ՝ իր ձեռքին կեդրոնացնելով Երեւանի նահանգի ռազմական եւ վարչական իշխանութիւնը: Կարգ ու կանոնն էր հաստատած Երեւան նահանգի, կազմակերպել զինուորական ուժեր եւ ուղարկել ռազմաճակատ:
ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ
1918ի Մայիսի 22-29 ինկած ժամանակահատուածին, Սարդարապատի մէջ ընթացող ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը յանձնարարուած է երեւանեան խումբի զօրահրամանատար Մովսէս Սիլիկեանին՝ Թովմաս Նազարբեկեանի կողմէ: Ինքնապաշտպանութեան միջոցները կիրարկուած են նաեւ Կողբի եւ Իգդիրի ուղղութիւններով: Նախիջեւան-Շարուր ուղղութիւնը վստահուած էր 3րդ խումբի գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանի գլխաւորութեան: Թրքական զօրքին դիմադրելու համար, Սարդարապատի ուղղութիւնը կը վստահուի Դանիէլ Փիրումեանին: Արամ Մանուկեանին կը վստահուի Երեւանի թիկունքի պաշտպանութիւնը:
Սարդարապատի ուղղութեամբ թուրքերը կը բերեն 15 հազարնոց բանակ՝ Եաղուպ Շեւքեթ փաշայի հրամանատարութեամբ: Ճակատամարտէն առաջ, զօր. Սիլիկեանը Գէորգ Ե. Սուրենեանց կաթողիկոսին կ՛առաջարկէ հեռանալ Սեւանի ուղղութեամբ՝ անոր անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Սակայն կաթողիկոսը ոչ միայն չէ հեռացած Ս. Էջմիածնէն, այլ կոչ ըրած է ժողովրդին՝ թուրքերուն դէմ պայքարի ելլելու: Մայիս 21ին տեղի ունեցած կատաղի ճակատամարտերուն հայկական ուժերը կը նահանջեն յանձնելով Սարտարապատ կայարանն ու գիւղը եւ Գերլչուն (այժմ Մրգաշատ):
Վտանգուած է Ս. Էջմիածինն ու Երեւանը, ուր բազմահազար արեւելահայերէն բացի, հաւաքուած էին հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներ:
Մայիս 22ին՝ 5րդ հրաձգային, հետեւակային եւ հեծեալ գունդերը կ՛անցնին յարձակումի եւ կտրելով թրքական զօրքի դիմադրութիւնը, կը վերագրաւեն Սարդարապատի կայարանն ու գիւղը՝ հակադրելով թուրքերուն ետ նահանջել 15-20 քլմ․ շառաւիղով: Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն թշնամին տուած է 3500 սպաննուած եւ նահանջած: Թուրքերը խուճապահար անցած են Ախուրեանի արեւմտեան ափը:
Հայկական զօրախումբը վերակազմակերպուելէ յետոյ կը ստեղծէ հարուածային զօրախումբ՝ փոխգնդապետ Կարապետ Հասան-Փաշայեանի հրամանատարութեամբ, որ կը մշակէ թրքական զօրախումբը շրջափակելու ծրագիրը:
ԲԱՇ ԱՊԱՐԱՆԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ
Մայիս 23էն սկսեալ, Սիլիկեան իր մարտակազմէն ջոկատ մը կ՛ուղարկէ Բաշ Ապարանի ճակատը՝ Դրոյի գլխաւորութեամբ: Սարդարապատ մնացած են Պօղոս Բեկ Փիրումեանի՝ կամաւորներէն կազմուած 5րդ մահապարտներու գունդը, 2 հեծեալ գունդ, Թռուցիկ Յովսէփի եւ Պանդուխտի (Միքայէլ Սայրէն) 1000 ձիաւոր աշխարհազորայիններու նորակազմ վաշտերը (աւելի քան 1000 կռուող) եւ այլ զօրամասեր:
Մայիսի 29ին թուրքերը յարձակած են Արագած կայարանի վրայ, տեղի ունեցած են ծանր կռիւներ: Այդ օրը զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը հրամայած է յարձակումը շարունակել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, սակայն յաջորդ օրը զօրավար Նազարբեկեանի հրամանով ան կանգնեցուցած է, իսկ Յունիս 2ին դադրեցուած են ռազմական գործողութիւնները ճակատի ամբողջ գիծի երկայնքով:
Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր թշնամին առաջին մեծ պարտութիւնը կրած է, ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար: Ճակատամարտին դրսեւորուած են հայկական ռազմարուեստի աւանդութիւնները:
Միւս վճռական մարտը տեղի ունեցած է Բաշ Ապարանի ճակատի վրայ։ Մայիս 20ին, գրաւելով Համամլուն (Սպիտակ), թրքական 39րդ բաժանումը ( 9-10 հազար զինուոր), փոխադրուած են դէպի Բաշ Ապարան՝ Աշտարակ-Եղվարդ-Կոտայք գիծը դուրս գալու, եւ Քանաքեռի գրաւումով Երեւանը շրջափակելու համար:
Մայիս 24ին Դրոյի ջոկատը (շուրջ 5000 զինուոր) կը մտնէ Ալի Քուչակ՝ թուրքերուն դիմակայող՝ գաւառապետ Սեդոյի (Սեդրակ Ջալալեան) հաւաքագրած զօրքին օգնելու համար: Մայիս 26ին թուրք զօրամասերը անցած են ընդհանուր յարձակման: Կատաղի մարտերը շարունակուած են մինչեւ Մայիս 29ը: Այդ օրը, Բաշ Ապարանի ճակատին վրայ ջախջախուած են հակառակորդի երկու գունդ եւ ոչնչացուած ծանր հրետանին: Թշնամին մարտադաշտի վրայ ձգած 200է աւելի սպաննուած: Դրոյի զօրքի կազմին մէջ, թուրքերու դէմ կռուած է եզիդիներու 1500 հոգինոց հեծեալ ջոկատը՝ Չիանգիր աղայի գլխաւորութեամբ: Ճակատամարտին զոհուած է յայտնի հարիւրապետ Զեմլեակը (Յարութիւն Նանամեանը):
Շարունակելի