ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու նոր կարգին վերաբերեալ:
Ըստ նախարարութեան՝ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած, օտար քաղաքացիները պէտք է նախապէս դիմում ներկայացնեն` Արցախ օտար քաղաքացիներու մուտքի թոյլտուութիւն ստանալու համար: Այս ընթացակարգը կը կիրարկուի թէ՛ այն երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնց հետ կը գործէ վիզայի դրութիւնը եւ թէ առանց վիզայի դրութեամբ երկիրներու քաղաքացիներուն:
Դիմումներուն վերաբերող տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի նաեւ ռուս խաղաղապահ ուժերուն` նկատի ունենալով անվտանգութեան նկատառումները:
Դիմումներու հաստատումէն ետք, դիմող օտար քաղաքացիները վիզաներ պիտի ստանան Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ, որմէ ետք կրնան մուտք գործել Արցախ։
Ինչ կը վերաբերի ժամկէտներուն, աշխատանք կը տարուի գործիքակազմի մը կատարելագործման ուղղութեամբ: Մուտքի թոյլտուութիւնը պիտի տրուի 3-4 աշխատանքային օրերու ընթացքին: Բնականաբար, երբեմն գործընթացը կրնայ աւելի երկար տեւել, այդ մասին տեղեակ պիտի պահուի օտար պետութեան քաղաքացին:
«Մեխանիզմը ներդրման փուլում է գտնւում: Անցած մի քանի օրերի ընթացքում այս կարգի համաձայն մի շարք օտարերկրեայ լրատուամիջոցների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներ մուտք են գործել Արցախի Հանրապետութիւն», կ՛ըսուի մեկնաբանութեան մէջ: