«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»ը պարզապէս աւետիս մը չէ, որուն միջոցաւ քրիստոնեաներ տարին մէկ անգամ զիրար կ՛ողջունեն, այլ գիտակցութիւն մը՝ որ Քրիստոս իսկապէս ծնաւ, որպէսզի փրկէ մեզ մեր մեղքէն ու յաւիտենական մահէն: Ան ծնաւ, որպէսզի մեզ հաշտեցնէ Հօր Աստուծոյ հետ: Ան ծնաւ, որպէսզի մեր յոյսը երբեք չմարի:
2021 տարուան առաջին շաբաթներուն Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին այս Աւետիսը փոխանցեցին արաւել քան 15,600 մանուկներու, պատանիներու եւ անոնց ծնողներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 45 բնակավայրերու մէջ, կազմակերպուած աւելի քան 100 միջոցառումներու ընթացքին: Բարի Լուրին հետ միատեղ, 12,000 մանուկներ ստացան Աւետարանչականի եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ կամաւորներու կողմէ նախապէս պատրաստուած նուէրներու ծրարներ՝ գրենական պիտոյք, զարգացնող խաղեր, առողջապահական առարկաներ եւ ջերմացնող գլխարկներ:
Աւետարանչականի եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ «Հայասա» թատերախումը, գեղարուեստական ղեկավար Նունէ Աբրահամյանի գլխաւորութեամբ՝ այս տարի Սուրբ Ծննդեան Բարի Լուրը մանուկներուն հասանելի դարձուց Օսկար Ուայլտի «Եսասէր Հսկան» պատմուածքին հիման վրայ ստեղծուած տիկնիկային բեմադութեամբ: Ներկայացման մէջ եսասէր հսկայի սառած սիրտը կը հալի, իսկ անոր այգին դարձեալ կը կանաչնայ երբ կը լսէ Փրկութեան Աւետիսը:
Թատերախումբը իր շրջագայութիւնը սկսաւ Աւետարանչականի Հանքաւանի «Շողիկ» Ճամբարէն, ուր պատերազմի առաջին օրերէն իսկ ապաստանած էին Արցախցի ընտանիքներ, եւ մինչեւ այսօր Ճամբարին մէջ կ՛ապրին Շուշիի եւ Հատրութի շրջաններէն իրենց տուները կորսնցուցած ընտանիքներ: Միջոցառումին հրաւիրուած էին նաեւ աշակերտները Հանքաւանի մօտակայքը գտնուող Փիւնիկ գիւղի դպրոցի, ուր կը յաճախեն «Շողիկ» ճամբար ապաստանած Արցախցի երեխաներ:
«Շողիկ» Ճամբարէն ետք, Աւետարանչականի «Հայասա» թատերախումբը շարունակեց իր շրջագայութիւնը եւ իր բեմադրութիւնը ներայացուց Երեւանի եւ Ստեփանաւանի ու անոր շրջակայքի շրջաններուն մէջ աւետելով Քրիստոսի Ծնունդը: Այս միջոցառումներուն հրաւիրուած էին նաեւ Արցախցի ընտանիքներու մանուկներ որոնք կայք հաստատած էին այս շրջաններուն մէջ: Աւելի քան 10 ներկայացումներու ընթացքին հնչեց աւելի լաւը դառնալու լաւագոյն ուղին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը մեր սիրտերուն մէջ:
* * *
Պատերազմէն ետք երազել, ուրախանալ, ծիծաղիլ բառերը խորթ կրնան հնչել: Յատկապէս Արցախի մանուկներու աչքերուն ուրախութիւնը կարծես թաքնուած էր: Այդ մանուկներէն շատեր կ՛երազէին իրենց հարազատ տուն վերադարձը, բայց այդ մէկը այժմ անհասանելի երազանք էր: «Վերադարձ Հարազատ Տուն» թատերական ներկայացումը, ոռ պատրաստուած է գեղարուեստական ղեկավար Վազգէն Թորոսեանի գլխաւորութեամբ՝ ներկայացուեցաւ նախ Գիւմրիի մէջ, ապա՝ Արցախի։
8-11 Յունուար օրերուն, Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի, ինչպէս նաեւ Արցախի տարբեր շրջաններէ եկող 3000 մանուկներու համար զանազան դահլիճներու մէջ եօթը անգամ ներկայացուեցաւ այս երաժշտական հեքիաթը, որ պատմեց աղջնակի մը պատմութիւնը: Ան միշտ կը բողոքէր իր ընտանիքին մասին եւ կը ստէր իր հարազատերուն՝ փափաքելով տունէն հեռանալ: Իր սուտերուն պատճառով, մարդիկ սկսան չվստահիլ անոռ ու ճիշդ գնահատել իր ունեցածը: Ամէն բան կորսնցնելէ ետք է որ աղջնակը կը հասկնայ իր ունեցածին արժէքը:
Ներկայացումին հերոսուհին վեռջապէս կը յայտնուի երազներու թագաւորութեան մէջ, որուն թագաւորն էր Արքաներու Արքան: Անոր ուղղած իր աղօթքն է որ կը փոխէ աղջնակին սիրտը եւ կ՛օգնէ հասկնալու, թէ կեանքին մէջ ամենաթանկ բանը իր ընտանիքն է, եւ միայն Արքան կրնայ կատարել իր երազանքները, որոնք իր կամքով բարի են եւ կ՛իրականան ճիշդ ժամանակին: Այս պատգամը յատկապէս լոյսի շող էր Շուշիի եւ Հատրութի իրենց տուները կորսնցուցած մանուկներուն եւ անոնց ծնողնրուն համար:
* * *
Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ներկայացուած Ծնունդի միջոցառումներու կողքին, այս տարի Սահմանամերձ Վարդենիս գիւղի Աւետարանչականի կազմը, հակառակ ձմրան սաստիկ պաղին ու ձիւնին՝ այցելեց շրջանի 20 այլ սահմանամերձ գիւղեր եւ աւետեց Ծնունդի բարի լուրը ու յանձնեց ծննդեան նուէրներ այդ շրջանի մանուկներուն:
Աւետարանչականը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք օգնեցին եւ մասնակից եղան Ծնունդի պատգամը սփռելուն Հայաստանի եւ Արցախի մանուկներուն եւ բաժնելու առաւել քան 12,000 Նոր տարուան նուէրներ:
Հիմնադրուած 1918ին՝ իբրեւ Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան: Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ընկերակցութեան www.amaa.org կայքը։
(Թղթակցութիւնը՝ Ընկարակցութենէն)