ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկային ցեղի պատմութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ, բնութեան երեւոյթները իբրեւ օրինակ ծառայած են մարդ էակին: Աւելին` մարդիկ կրեր են այդ երեւոյթներուն խոր ազդեցութիւնը, երբեմն նոյնիսկ վախնալով անոնց ներգործութենէն: Մինչեւ այսօր քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք աստղաբաշխական գիտութեան կեղծ նմանութեամբ` ոչ միայն աստղագուշակութիւններու կը հաւատան, այլեւ իրենք իսկ աստղագուշակութիւններ կը կատարեն: Անշուշտ հսկայ տարբերութիւն կայ վերոյիշեալ երկուքին միջեւ, որովհետեւ եթէ առաջինը գիտութիւն է, երկրորդը պարզապէս առօրեայ զբաղում մը, աստղագուշակներուն երեւակայութեամբ իւրաքանչիւր կենդանակերպի տակ ծնած մարդը տուեալ օրուան նախատրամադրող:
Յիսուսի ապրած օրերուն եւս, երբ բնութեան հետ այնքան մօտ էր մարդոց առօրեան, Աստուածորդին իր աստուածախօս պատգամներուն ընթացքին յաճախ օրինակ բերած է բնութեան երեւոյթները` հողը, ջուրը, լոյսը, օդը, ծովը, ծառը, սերմը, կենդանատեսակները, փոթորիկը, անձրեւն ու հեղեղը եւ գրեթէ միւս բոլոր երեւոյթները: Յիսուս իր առակներուն մեծ մասը բնութեան երեւոյթներով կազմած է, աւելի հասկնալի դարձնելու համար երկնային բարոյական պատգամներուն իմաստը: Այս պատճառով է, որ երբեմն այս առակները բազմիմաստ մեկնաբանութիւններու կ՛ենթարկուին, յատկապէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայ ժամանակներու լոյսին տակ կարդալէ ետք:
Մարդը ինք եւս բնութեան հարազատ մասնիկը ըլլալով, ընդելուզուած է անոր հետ: Ծնունդէն մինչեւ մահ, մարդը մաս կը կազմէ բնութեան, իսկ մահէն ետք, այն, ինչը բնութեան կը պատկանի` իր մարմինը, կ՛երթայ միախառնուիլ բնութեան, եւ այն, ինչը աննիւթեղէն է` իր հոգին, կ՛երթայ վերամիանալու աննիւթեղէն բնութեան` ոգեղէն իրականութեան: Սակայն, նախքան այս վերջնական «վերադարձ»ը, մարդկային մարմինին մէջ տեղակայուած անոր հոգին կ՛ունենայ իր բարոյական ճանապարհորդութիւնը: Այն բոլոր բարոյական վերիվայրումները, որոնց պատճառած ցնցումներուն կը մատնուի մարդկային հոգին կը կազմեն անոր էութեան ոգեղէն օրագրութիւնը, որուն խմբագրումով կը պատրաստուի տուեալ անձին բարոյական կեանքի կենսագրութիւնը:
«Տան»` նեղ իմաստով ծնողական, եւ լայն իմաստով ընտանեկան դաստիարակութիւնը մեծ դեր ունին իւրաքանչիւր մարդու կազմաւորման մէջ: Տունէն ետք դպրոցը, իսկ աւելի ուշ` «կեանքի դպրոց»ը, այսինքն` ընկերային կեանքը` մեր շրջապատը, իրենց կարեւոր ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդու հոգեկրթութեան գործին մէջ, դրական կամ ժխտական անձեր պատրաստելով հաւաքականութեան համար: Ոմանք կը զարմանան երբեմն, երբ տեսնեն անգրագէտ ու անդաստիարակ ծնողներու կրթուած եւ բարձր բարոյականի տէր զաւակները: Անոնք անպայման այլ ազդակներ ունեցած կ՛ըլլան իրենց կեանքին մէջ` հոգեւոր կամ ուսումնական ազդակ, բարձր բարոյականի տէր անձնաւորութեան մը իրենց վրայ թողած խոր ազդեցութիւնը, երբեմն կեանքի ընկերոջ ճիշդ ընտրութիւն մը, որուն հետեւանքով ենթակային կրած մեծ փոփոխութիւնը, եւ այլ ազդակներ:
Մարդկային ընկերութեան մէջ շրջանառուող ժխտական ազդակները, դժբախտաբար, շատ աւելի են, քան դրականները: Յոռետեսական մօտեցում չէ այս, այլ` իրատեսական, որովհետեւ վատ սովորութիւններ որդեգրելը կրնայ վայրկեաններու հարց ըլլալ, իսկ զանոնք չէզոքացնելը կամ մեզմէ հեռացնելը` կեանքի տեւողութիւն խլել: Միւս կողմէ, վատ սովորութիւններուն ընկերացող ֆիզիքական հաճոյքը իր անմիջականութեամբ եւ զգայարանական բաւարարութիւն տալու ունակութեամբ, միշտ աւելի նախընտրելի է մարդ էակին համար, քան հոգեկան երանութեան պահերու միջոցաւ զգացուող հաճոյքը, որ խորհրդապաշտութեան կամ բարձրորակ արուեստներու ճաշակով կը փոխանցուի մարդկային հոգիին:
Ընկերային կեանքին մէջ, կողք-կողքի ապրող մարդկային դրական ու ժխտական կերպարներուն միջեւ անխուսափելի պայքարը յարատեւ է: Չէ եղած ժամանակ, երբ այս պայքարը դադրեր է այս երկու ուժերուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ չէզոքացնել միւսը: Բարի եւ չար ուժերու մասին չէ խօսքը, որովհետեւ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը Աստուծոյ բարութեան հաւատքով զինուած է, չարը անգոյ խաւարին հետ համեմատելով: Այստեղ ակնարկը մարդկային բնաւորութեան երկու խմբաւորումներու մասին է, որոնք երկու տարբեր միջավայրերու մէջ անոնց տէրերուն ստացած կազմաւորման հետեւանք են: Ուրեմն, կան բարի եւ չար բնաւորութեամբ մարդիկ, որոնք կը կազմեն մարդկային ընկերութիւնը: Ասոնց միջեւ պայքարը անխնայ է, այսինքն շատեր կրնան զոհ երթալ բարիներու խումբէն, իսկ եթէ այս վերջինները յաջողեցան դարձի բերել վատ բնաւորութեամբ մարդոց խումբէն ոմանց, անոնք Աստուծոյ արքայութեան գանձարկղին կ՛աւելնան՝ իբրեւ նորընծաներ…:
Աւելի լաւ բացատրելու համար վերոնշեալ մեր գաղափարը, օրինակ պիտի բերենք բնութեան մէկ առարկան` խնձորը: Խնձորհաւաքի ժամանակ, իր պտղատու ծառերուն այնքան հոգածութիւն ցուցաբերած պարտիզպանը շատ զգուշաւորութեամբ կը հաւաքէ խնձորները, ծառերուն վրայէն քաղածները հաւաքելով մասնաւոր սնտուկներու մէջ, իսկ ծառէն ինկածները պարկերու մէջ` այլ նպատակի օգտագործելու համար: Պարտիզպանը իր խնձորներուն միջեւ այս զատորոշումը կը կատարէ անոր համար, որ գետին ինկածներուն մէջէն որդնոտած խնձոր մը չմտնէ սնտուկներուն մէջ, եւ այնտեղ հաւաքուած ամբողջը չփճացնէ: Պարտիզպանը փորձառութեամբ գիտէ, որ նոյնիսկ մէկ հատ փճացած խնձոր, կրնայ ամբողջ սնտուկը փճացնել, իր ամբողջ բերքը ի զուր վատնելով:
Մարդկային ընկերութեան բարոյական անդաստանն ալ ունի իր պտղատու ծառերը, որոնցմէ բերքահաւաք կը կատարեն «պարտիզպան»ները: Սնտուկը, որուն մէջ կը հաւաքուին պտուղները, այս կեանքն է, ուր կ՛ապրինք բոլորս միասնաբար: Ցաւալի երեւոյթը այն է, որ լաւ խնձորներն ու փճացածները նոյն սնտուկին մէջ կը լեցուին, փոխանակ իրական պարտէզի մէջ տեղի ունեցող զտման: Ինչո՞ւ ցաւալի կոչեցինք այս երեւոյթը: Չէ՞ որ լաւ խնձորը միշտ աւելի գնահատուած է, քան վնասուածը կամ մէկ կողմով որդնոտածը: Այո, սակայն եթէ սնտուկի մը մէջ հարիւր լաւ խնձոր ըլլայ ու միայն մէկը փճացած, այդ մէկը կրնայ բոլորը փճացնել այս կամ այն չափով, նայած իրեն մօտիկ կամ աւելի հեռու գտնուելուն, բայց մնացեալ իննըսուն ինն հատը չեն կրնար փճացածը առողջացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ ոմանք երբեմն անյոյս պարագայ կը համարեն բարոյապէս անկեալ, ստախօս, զեղծարար, աւազակ ու անպարկեշտ մարդիկը ուղղութեան հրաւիրելու աշխատանքը, զանոնք վերջնականապէս անուղղայ նկատելով:
Կրօնական հասկացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնէական կրօնը տարբեր մօտեցում ունի, քան անհատ մարդոց տեսակէտները: Աստուած միշտ խոր համբերութեամբ կը հետեւի մեղաւոր մարդուն, որպէսզի օր մը դարձի գայ ան եւ չկորսուի անոր հոգին, որովհետեւ այդ հոգին եւս մաս կը կազմէ աստուածային, տիեզերական` ընդհանրական հոգիին, որուն պէտք է մագնիսուի անիկա մահէն ետք: Փճացած խնձորը հզօր է նիւթեղէն պարտէզին մէջ միայն, սակայն հոգեւոր անդաստանին մէջ աստուածային ուժն է գերիշխողը: