ՊԱՔՈՒ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ շրջան կատարած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ, Շաբաթ օր այցելեց Նախիջեւան, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ Զարիֆի՝ այցելութեան նպատակը արցախեան պատերազմէն ետք Նախիջեւանի շրջանային համագործակցութեան եւ տարանցիկ կարելիութիւններու շուրջ բանակցութիւններ կատարելն է: «Շրջանին մէջ մեծ կարելիութիւններ ստեղծուած են դրացի պետութիւններու համագործակցութեան համար, ինչ որ կրնայ հիմք դնել կայուն խաղաղութեան», ըսաւ նախարարը:
Նշենք, որ Զարիֆ շրջանը կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին այցելած էր Ատրպէյճան, Ռուսիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Թուրքիա: