ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ հետ կը համագործակցի Արցախի, Ուքրանիոյ եւ Լիպիոյ հարցերուն գծով, ինչպէս նաեւ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման շուրջ, եւ կ՛ուզէ երկխօսութիւնը շարունակել, յայտնեց Մոսկուայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Սալըվըն:
«Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսա եւ Ռուսիա կը հանդիսանան Մինսքի խմբակի համանախագահներ: Միացեալ Նահանգները կը համագործակցի Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն հետ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել այս հարցերուն շուրջ մեր համագործակցութիւնը», ըսաւ Սալիվըն: