Վրաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան եւ բարձր կը գնահատէ զայն: «Կրուզիա Անլայն» կայքը կը հաղորդէ, թէ այս մասին «Հարաւային կազային միջանցք» նախագիծի շինարարութեան աւարտին վերաբերեալ առցանց սեմինարի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Վրաստանի դեսպան Տաւիտ Պաքրածէ:
Ըստ Պաքրածէի՝ վերջին տարիներուն, երեք երկիրներու համագործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, ինչ որ նպաստած է շրջանին մէջ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի միջանցքներու զարգացման:
Վրացի դիւանագէտը նշեց, որ «Հարաւային կազային միջանցք»ը կը խթանէ շրջանին եւ Եւրոպայի մէջ յառաջընթացը եւ կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրոատլանտեան տարածքի ուժանիւթային անվտանգութիւնը: