ՊԱՔՈՒ.- Շաբաթ օր, Աղտամի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տագնապի գօտիին մէջ, զինադադարի դրութեան եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնի բացումը: Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ բացման արարողութեան մասնակցեցան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, Թուրքիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Եունուս Էմրէ Կարօսմանօղլու եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին:
Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ ատրպէյճանական բանակը: Կեդրոնին տեղակայման վայրի տարածքի ընդհանուր մակերեսը շուրջ 4 հեկտար է: Տարածքը ցանկապատուած է եւ անոր շուրջ տեղադրուած են չորս հսկողութեան աշտարակներ:
Հսկողութեան կեդրոնի թրքական անձնակազմը կը ղեկավարէ զօր. Ապտուլլա Քաթըրճը, իսկ ռուսական անձնակազմը` զօր. Վիքթոր Ֆելորենքօ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն, յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ կը հաղորդէ, թէ «կեդրոնը պիտի հաւաքէ, պիտի կազմէ եւ պիտի ստուգէ տեղեկութիւնը զինադադարի դրութեան պահպանման եւ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները խախտող գործողութիւններու մասին: Վերահսկողութիւնը պիտի կատարուի անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներէ ստացուած տուեալներու գնահատման միջոցով»:
Նշենք, որ ռուս-թրքական հսկողութեան Աղտամի կեդրոնը կը գտնուի Քիամատտինլիի մէջ, որ 1994ի շփման գիծէն դուրս է: Թրքական եւ ատրպէյճանական կողմերը կը պնդէին, որ կեդրոնը պէտք է Արցախի մէջ ըլլայ: Թրքական կողմը առաջարկած էր Աղտամի` 1994ի շփման գիծը, իսկ ռուսական կողմը` Ատրպէյճանի մէջ այդ գիծէն հեռու գտնուող Պարտան: Քիամատտինլին կը թուի փոխզիջումային լուծումը ըլլալ` Արցախի սահմաններէն դուրս, սակայն ոչ շատ հեռու:
ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնով քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ կրակոցի դադրեցման եւ զինուորական գործողութիւններու վերահսկման ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի աշխատանքին մեկնարկը: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին կողմերը յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ կեդրոնին գործունէութիւնը պիտի նպաստէ Արցախի շուրջ կացութեան հետագայ կայունացման եւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններու պատշաճ պահպանման:
Քննարկուեցան նաեւ ռուս-ատրպէյճանական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող որոշ հարցեր:
ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց Արցախի մէջ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
«Ալիեւ շնորհաւորեց իր թուրք գործընկերը Աղտամի շրջանին մէջ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի բացման առնչութեամբ: Երկու երկիրներու ղեկավարները համոզում յայտնեցին, որ կեդրոնին գործունէութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման պիտի ծառայէ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Անոնք նաեւ քննարկեցին թրքական ընկերութիւններու` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, վերականգնողական աշխատանքներուն մասնակցութեան հարցը: