ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Շաբաթ օր զրուցեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ Էն Լիտէի հետ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին՝ խօսակցութեան ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, Պելոռուսի մէջ ընթացող յետ-ընտրական ճգնաժամը լուծելուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու կայուն քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքները յառաջ մղելու ջանքերը:
Պլինքըն իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի ԵԱՀԿի մէջ Շուէտի նախագահութեան եւ կը զօրակցի ԵԱՀԿի տարածաշրջանին մէջ ձգձգուող տագնապներուն մէջ յառաջընթացի արձանագրման, կենսոլորտի ապահովութեան ամրապնդման եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու պաշտպանութեան հարցերուն վրայ Շուէտի կեդրոնացումին:
Պլինքըն նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի ազատ արձակումը պահանջող ցոյցերը ցրելու եւ հազարաւոր ցուցարարներու ձերբակալութեան առնչութեամբ: