ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 28 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին վարժարանի տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետը՝ Արթին Ղազարեան, եւ անդամ Արա Սուտճեան:
Շամլեան Ազգային վարժարանի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին սրբազան հօր առաջնորդի պաշտօնին ընտրութիւնը եւ այս առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ կրթական ներկայ տարեշրջանի ծրագիրներու իրականացման համար կիրարկուող առցանց մեթոտներու եւ հայոց լեզուի ուսուցման վերաբերող հարցերու: