ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 27 Յունուարին, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան սրբազան հօր հետ տեսակցեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Գասպարեան եւ անդամներ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ եկեղեցին եւ հայութիւնը յուզող հարցեր, ապա անոնք սրբազան հայրը հրաւիրեցին` Տեառնընդառաջի տօնին (14 Փետրուար) առիթով առաջնորդական անդրանիկ պատարագ մատուցանելու եւ քարոզելու Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.