Զաւէն Պէրպէրեան ծնած է 1931ին, Հալէպ, Սուրիա: Ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, ուր նուիրեալ ուսուցիչներու շունչին տակ հաղորդակից կը դառնայ մեր ազգային ցաւերուն ու երազներուն, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան, որոնց շնորհիւ իր մէջ կ՛արմատաւորուի ազգային արժէքներու խոր գիտակցութիւն, հայրենասիրութեան ոգի եւ հայ դպրոցին զօրավիգ կանգնելու խանդավառութիւն:
1951ին «Մելգոնեան»էն շրջանաւարտ կ՛ըլլայ փայլուն արդիւնքներով ու կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ Քալիֆորնիոյ UCLA համալսարանին մէջ կը հետեւի ճարտարագիտութեան ճիւղին: Վկայուելէ ետք կը նետուի կեանքի ասպարէզ: Կը հիմնէ իր սեփական ընկերութիւնը՝ California Art Products Company-ն: Իր գործատեղիին մէջ կ՛արտադրուին fiber glass-ի եւ plastics-ի շաղախներով պատրաստուած առարկաներ, որոնք կը ծառայեն արուեստի եւ այլ բնագաւառներու այլազան կարիքներու:
Շնորհիւ իր նախաձեռնութեան ոգիին եւ կազմակերպուած ու յամառ աշխատանքին՝ Զաւէնը իր ընտանիքին շնորհեց բարօր ու արժանապատիւ կեանք, միաժամանակ իր նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերելով ազգային կազմակերպութիւններուն ու մանաւանդ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան : 1979ին, Զաւէնը եւ խումբ մը երախտագէտ մելգոնեանցի ընկերներ միասնաբար կը հիմնեն ՀԲԸՄ Քալիֆորնիոյ Մելգոնեան Սանուց միութիւնը, Լոս Անճելըսի մէջ, որուն գլխաւոր նպատակն էր՝ զօրավիգ կանգնիլ Մելգոնեան հաստատութեան, նիւթապէս ու բարոյապէս: Աւելի քան 25 տարի՝ մինչեւ Մելգոնեանի փակման նախօրեակը, Զաւէնը աշխատեցաւ անխոնջ եռանդով ու նուիրումով, անգնահատելի ծառայութիւն մատուցանելով միութեանս ծրագիրներու իրագործման՝ ի խնդիր Մելգոնեան հաստատութեան գոյատեւման ու յառաջդիմութեան: Իր վարչական ընկերներէն շատ մը ուրիշներու նման` Պէրպէրեաններուն տունը յաճախ հաւաքավայրը եղած է մեծ թիւով Մելգոնեանցիներու, որոնք կու գային վայելելու Զաւէնին ու իր տիկնոջ սրտբաց հիւրասիրութիւնը, ճոխ սեղաններու շուրջ, միաժամանակ կատարելու հանգանակութիւններ՝ Մելգոնեան հաստատութեան զանազան կարիքներուն:
1991-1992 տարեշրջանին Զաւէնը կը ստանձնէ Մելգոնեան Սանուց միութեան ատենապետութիւնը: Այդ տարուան ընթացքին Սանուցի վարչութիւնը կը հաստատէ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը (Endowment Fund) ՀԲԸՄի մօտ, շարունակական օժանդակութիւն ապահովելու համար Մելգոնեան հաստատութեան: Մինչեւ 2004, Մելգոնեանի փակումէն քիչ առաջ, հիմնադրամին ընդհանուր գումարը մօտեցած էր մօտ 350, 000 տոլարի, որուն հանգանակութեան մասնակցած շատ մը Մելգոնեանցիներու կարգին զգալի եղած էր Զաւէնի կողմէ կատարուած մեծագումար նուիրատուութիւնը:
Ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի մէջ սիրուած, յարգուած ու փնտռուած անձնաւորութիւն մըն էր Զաւէնը՝ շնորհիւ իր բարեհամբոյր բնաւորութեան, մաքուր ու անբասիր նկարագիրին եւ ծառայելու պատրաստակամութեան:
Զաւէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն առանց տեսնելու իր փայփայած երազին՝ Մելգոնեան հաստատութեան վերաբացման իրականացումը: Ան հրաժեշտ տուաւ երկրային այս կեանքին՝ ետին թողելով քաղցր յուշերու շարան մը՝ իբրեւ նուէր իր բազմահարիւր բարեկամներուն ու Մելգոնեանցի ընկերներուն, որոնք կորսնցուցին սիրելի երէց եղբայր մը՝ ազնիւ, համեստ, ընկերասէր, հիւրասէր ու ծառայասէր բնաւորութեամբ եւ մարդկային ազնիւ արժանիքներով օժտուած:
Մելգոնեան Սանուց միութիւնը եւ համայն անդամները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Զաւէնին ազնիւ տիկնոջ՝ Էլենային, եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն ու հարազատներուն: Թող Աստուած լոյսերու մէջ պահէ անոր ազնիւ հոգին եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր բոլոր սիրելիներուն ու Մելգոնեանցի ընկերներուն:
Զաւէնին յիշատակը, անտարակոյս, անթառամ պիտի պահենք մեր հոգիներուն մէջ:
(Մահախօսականը՝ Մելգոնեան Սանուց Միութենէն)
ՄԱՀԱԶԴ
ԶԱՒԷՆ ՓԱԹՐԻՔ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 15 Յուլիս 1931ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Զաւէն Պէրպէրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝Հելենա Պէրպէրեան
Դուստրը՝ Թալին Պէրպէրեան
Դուստրը՝ Թամար Վեկա
Զաւակը՝ Արա Պէրպէրեան
Թոռները՝ Սաքարա Պէրպէրեան, Սեւան Ճէօճէրեան, Վալենթինա Վեկա եւ Ապրիէլ Վեկա
Եւ համայն Պէրպէրեան եւ Վեկա ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները