ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 29 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ խումբ մը քաղաքագէտներու եւ մասնագէտներու հետ, որոնց հետ քննարկեց Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Արցախի հարցին հետագայ ճակատագիրը եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումները։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամին, որուն հանգուցալուծման վերաբերեալ մասնագէտները տարբեր տեսակէտներ տուին: Ըստ կարգ մը տեսակէտներու` քաղաքական դաշտի ռազմավարութիւնը եւ գործողութիւնները պէտք է մշակուին հասարակութեան մէջ տարածուած ընկերաբանական լուրջ հետազօտութիւններուն եւ վերլուծութիւններու հիման վրայ: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ այն հարցին, որ ընկերային ցանցերը յաճախ կը կառավարեն եւ կը ստեղծեն իրականութեան չհամապատասխանող ոչ-հաւաստի պատկեր:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի մէջ 2018ի իշխանափոխութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն խորքային պատճառներուն, իշխանութեան, պետական համակարգին, ընդդիմութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու հարցերուն եւ այդ համակարգերը կայացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ ազգային օրակարգի ձեւաւորման, ազգային ինքնութեան հարցերը առաջնային դարձնելու եւ անոնց շուրջ հասարակութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Արցախեան հիմնահարցին` ներկաները առանցքային նկատեցին այս հարցին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումի եւ քայլերու յստակացումը եւ աշխուժացումը` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին ժամանակաշրջանին հիմնահարցը երկրորդ դիրք մղելու միտումներուն առնչութեամբ:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխուժութեան լոյսին տակ Հայաստանի կողմէ անհրաժեշտ քայլեր եւ ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու յստակ օրակարգ ձեւաւորելու հարցը, Ռուսիոյ եւ բնական այլ դաշնակիցներու հետ համագործակցութեան հեռանկարները:
Կարեւոր նկատուեցաւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու եւ տարածաշրջանային հաւանական վերադասաւորումներու պարագային շահեկան վիճակի մէջ գտնուելու հարցը, որ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար եւ զոր կարելի է լուծել միայն երբ պետութեան ճգնաժամը եւ հարցերը յաղթահարուին: