ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Աղտամի շրջանին մէջ, 30 Յունուարին գործելու պիտի սկսի զինադադարի դրութեան վերահսկման ռուս-թրքական դիտարկման կեդրոնը: Այս մասին յայտնեց «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
Աղբիւրը յայտնեց, որ դիտարկում պիտի կատարուի նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ: Կեդրոնին մէջ ընդգրկուած են 60 ռուս եւ 60 թուրք զինուորական ծառայողներ: