ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերքեց հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւնը,ըստ որուն, իբր թէ Գորիսէն Արցախ` իրենց մնայուն տեղակայման զօրամասը` Ասկերան, մեկնող 15 հայ զինուորներ գերի ինկած են։
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետի պաշտօնակատար Սուրէն Սարումեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ: