ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
19 Յունուարին, դժուար ցաւերու եւ հիւանդութեան պայմաններու մէջ կորսնցուցինք մեր սիրելի փրոֆ. Յակոբ Աքսքալեանը։ Ան վերջին աւելի քան 40 տարիներուն տիրապետող դէմքերէն էր միջազգային հոգեբուժական գիտական ասպարէզին։ Ծնած էր Պէյրութ, 1944ին եւ շրջանաւարտ էր Յովակիմեան-Մանուկեան ՀԲԸՄի երկրորդական վարժարանէն ու Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն։ Ան սիրտով ու հոգիով կապուած էր հայ իրականութեան եւ բազմիցս իր ներդրումը ունեցած հայութիւնը մտահոգող զանազան ծրագիրներու։ Ան իր գիտական ներուժին կողքին նաեւ բանաստեղծ էր եւ կը կրէր հայ գրականութեան պաշտամունքը։ Իր Պէյրութ գտնուած օրերուն մաս կը կազմէր «Ահեկան» գրական պարբերականի խմբակին։ Ան կը շարունակէ ապրիլ իր կեանքի ընկերոջ Քնարիկի ներկայութեամբ:
Յակոբը իմ մտերիմ ընկերներէս էր։ Այս օրերուն, երբ իմ ստացած հին նամակները կը դասաւորէի, նաեւ Յակոբէն ստացած 1969ի (երբ նոր սկսած էր Ամերիկայի իր կեցութիւնը) նամակներէս մէջբերումով մը կ:ուզեմ ներկայացնել իր մտահոգութիւններն ու ոճը.
«Մեր կացութիւնը հոս նոյնն է. «կը պայքարինք» հայ մնալ՝ «այլանդակ» մշակոյթի մը մէջ ընկղմած։ Չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն նորութիւններու անհրաժեշտ է վարժուիլ (ու այդ չափով ալ օտարանալ, այլանալ, դուն ինքդ չըլլալ) երբ վայրկեանը վայրկեանին կ՛ապրիս «օտար» երկինքի մը տակ ու ականջներդ, աչքերդ, զգայարանքներդ բոլոր կը լեցուին նոր ու յաճախ խորթ բառերով, տեսարաններով, վարուելակերպերով։ Յաճախ կը մտածես . – ես այսինչ այսինչեանը , հայ, այսինչ միջավայրէն եկած, չորս ամիս է կ՛ապրիմ այս բոլորովին տարբեր միջավայրին մէջ, եւ դեռ նոյն անձն եմ. ոչինչ փոխուած է հայութենէս, զգալու ու մտածելու եղանակէս՝ հակառակ այն բոլոր նոր ու տարօրինակ ձեւերուն, որոնց ամէն վայրկեան ենթակայ ես։ Այլ խօսքով, գրեթէ ամերիկացիի պէս կ՛ապրիս. իրենց համար ամերիկացի ես, քեզ տարօրինակ չեն գտներ, որովհետեւ դուրսէն, ու երբ իրենց հետն ես, իրենց պէս ես։ Բայց ներսը կայ ամբողջ աշխարհ մը, որ քու իրական անձդ է, որ իրենք չեն ճանչնար, եւ որ դեռ հոն կը մնայ (յուսանք) անեղծ… Աշխարհ մը՝ որուն մէջ ամերիկացին պիտի բնաւ չկարենայ թափանցել»: