ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Քաշաթաղի շրջանի բնակիչները 30 Յունուարին կառավարութեան շէնքին մօտ բողոքի ցոյց կատարեցին՝ պահանջելով, որ իրենց բնակութեան վայր տրամադրուի:
Քաշաթաղցիները դիտել տուին, որ միայն վերջին 2 ժամուան մէջ իրենց յայտնեցին, որ պէտք է հեռանան իրենց տուներէն, իսկ իրենք ոչինչ կրցան առնել իրենց հետ։
Անոնք դիտել տուին, որ իրենց ապրած շրջանի համայնքապետարանը քանի մը անգամ օգնութիւն տալէ ետք ըսած էր, որ պիտի դադրեցնէ օժանդակութիւնը։ «Բա ինչպէ՞ս պէտք է ապրենք: Ո՞նց պիտի ապրի էս ժողովուրդը, ո՛չ տուն ունենք, ո՛չ տեղ ունենք, գետնին են քնում երեխաները», նշեց անոնցմէ մէկը՝ աւելցնելով, որ տրուած 300 հազար դրամ օգնութիւնը միայն տարրական ծախսերուն կը բաւէ։
«Մենք Քաշաթաղից ենք, մեր բնակչութիւնը բռնի ուժով տեղահանուել է` սկսած Հոկտեմբերի 18ից, մեր բնակչութեան մեծ մասը եղել է ռազմաճակատում, համայնքները յանձնուել են, այժմ մեր պահանջը մեր գոյքի փոխհատուցումն է` համարժէք եւ խելամտութեան սահմաններում», շեշտեց Քաշաթաղի շրջանի Հայկազեան համայնքի ղեկավարը:
Ըստ անոր՝ Քաշաթաղէն այսօր տեղահանուեցան շուրջ 13 հազար բնակիչներ 3000 ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը կը բնակի Հայաստանի մէջ, ուր մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին։ «Մենք դիմել ենք կառավարութեանը, փորձել ենք գրագէտ ճանապարհով խնդիրը լուծել. արդիւնքի չենք հասել, դրա համար այսօր կազմակերպել ենք այս ակցիան (ցոյցը, շարժումը-Խմբ.)», շեշտեց ան։